29 Դեկտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեանի, բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեանի ներկայութեամբ, Մարտունիի մէջ, Արցախի պաշտպանութեան բանակի շարք մը զինուորներ ու պահեստազօրայիններ ստանձնած են 44 նոր բնակարաններ , իսկ շարք մը նախկին զինուորներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման նպատակով յանձնուեցան դրամական փոխհատուցումներ:
Բացման արարողութեան ընթացքին հնչեցին շնորհաւորութեան ու երախտագիտութեան խօսքեր, ընդգծուեցաւ նախկին եւ գործող զինուորականներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարեւորութիւնը, առաւել՝ պաշտպանուած հայրենիք, մարտունակ ստորաբաժանումներ եւ ամուր ընտանիքներ ունենալու պարունակին մէջ։
Յայտնենք նաեւ, որ նախագահ Բակօ Սահակեան 30 Դեկտեմբերին այցելեց Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանը եւ շնորհաւորեց զինուորները՝ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով։ Անոր կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: