ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսիս պապը անհանգիստ է Միջին Արեւելքի մէջ սկսած լարուածութենէն, որ կը սպառնայ Իրաքի վերականգնման գործընթացին: Այս մասին կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետը յայտարարեց 9 Յունուարին, Սուրբ աթոռին կից դիւանագէտներուն յղած իր ուղերձին մէջ։
«Յատկապէս տագնապալի են այն ահանզանգերը, որոնք կը հասնին միջինարեւելեան տարածաշրջանէն. Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու հրահրած լարուածութեան աճը կը սպառնայ ձախողութեան մատնել Իրաքի վերականգնման երկարատեւ գործընթացը, ինչպէս նաեւ հող կը ստեղծէ տագնապի ծաւալման համար», ըսաւ պապը՝ երկխօսութեան կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն՝ «միջազգային իրաւունքը ամբողջութեամբ յարգելու»: