ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ կառավարութիւնը Չորեքշաբթի, 15 Յունուարին անակնկալօրէն հրաժարական տուաւ։
Այս մասին յայտարարութիւնը կատարեց վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, որ աւելի ուշ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ նշանակուեցաւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին:
Նշենք, որ Մետվետեւի հրաժարականէն մէկ օր առաջ, Փութին երկրին սահմանադրութիւնը բարեփոխելու կոչ կատարած էր։
Մետվետեւի հրաժարակէն քանի մը ժամ ետք, Փութին վարչապետ նշանակեց Միխայիլ Միշուսթինը: Վերջինս 53 տարեկան է, անկուսակցական եւ 2010էն ի վեր երկրին դաշնակցային հարկային ծառայութեան ղեկավարն էր:
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Մտվետեւի ծառայութիւններուն համար, Փութին կառավարութեան հրաժարեալ կազմին յանձնարարեց շարունակել իր պարտականութիւնները մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը:
Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, որ Փութին այս քայլերով աւելիով ամրապնդեց իր դիրքը։