Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով, Յունաստանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն, Չորեքշաբթի, 8 Յունուարի երեկոյեան, իր նստավայրին մէջ հրաւիրեց իր կառոյցները եւ ուղեկից միութիւններու Շրջանային վարչութիւնները, որպէսզի միասնաբար կտրեն Ամանորեայ կարկանդակը, ուրախ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ:
Ներկայ եղան ազգային կառոյցներու մէջ գործող ընկերներ, Հայ Կապոյտ Խաչի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւններու կազմերը, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամները, ազգային վարժարաններու տնօրէնները, Հայ Դատի յանձնախումբը, Աթէնքի շրջանի ՀՅԴ երեք կոմիտէները, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը, նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը նախապէս վարած ընկերներ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեց հրաւիրեալները եւ բարեմաղթանքներ փոխանցեց Նոր Տարուան առիթով:
Ան բացատրեց, որ սոյն հաւաքին բնոյթը, իր նախաձեռնութեամբ ու համախմբուածութեամբ, Դաշնակցութեան լայն ընտանիքին մէջ գործող կառոյցներուն եւ միութիւններուն անդամներն ու աշխատանքները ի մի բերելու տարեկան մեկնարկ մըն է, ազգային-միութենական-կուսակցական կեանքը նոր հեռանկարներու եւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ զգօն ու յանձնառու գտնուելու տրամադրութեամբ:
Գույումճեան խօսեցաւ գաղութին կազմակերպ կառոյցներուն եւ անոնց վստահուած դերակատարութեան մասին, որպէսզի վճռակամ ու լաւատես չափորոշիչներով յառաջանան նոր տասնամեակին մէջ:
Ան դիտել տուաւ, թէ 2020ը ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 130ամեակը կը նշանաւորէ, յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրելով դաշնակցականավայել գործընթացին վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սեւրի դաշնագիրին 100ամեակի կարեւոր թուականին, որ քաղաքական հիմքը կը կազմէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան:
2020ին կը լրանայ նաեւ «Ազատ Օր» օրաթերթի 75ամեակը, շեշտը դնելով օրաթերթին կարեւոր այս հանգրուանին: Ներկայիս, Եւրոպայի տարածքին ամէն օր հրատարակուող միակ հայերէն օրաթերթն է «Ազատ Օր»ը, որ, բացի տպագիր տարբերակէն, արդիականացած, ելեկտրոնային ձեւերով ալ կը տարածուի ընթերցողներուն մօտ: Օրաթերթին հասանելիութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մօտ հասցնելու գերագոյն ճիգը, բոլորին ներդրումին կարիքը ունի:
Ան յայտնեց, թէ հայ մամուլի պաշտպանութեան ու յարատեւման ճիգը քաջալերելու եւ բարոյական աջակցութիւն ցոյց տալու համար՝ Լիբանանի ծանր տնտեսական իրավիճակէն խորապէս ազդուած լիբանանահայութեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն խորհրդանշական գումար մը նուիրեց «Ազդակ» օրաթերթին: Նոյնքան կարեւոր եւ առաջնահերթ կը մնայ Սփիւռքի գաղութներու համախմբուածութեան բարձր մակարդակը անխախտ պահելու առաջադրանքը:
Կեդրոնական կոմիտէին երկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ գաղութին դիմագրաւած հարցերուն, կարեւոր համարելով յատկապէս վարժարաններուն եւ հայ աշակերտութեան պարագան, որպէս գաղութի կենարար շունչը:
Ամանորի կարկանդակը կտրելու հրաւիրուեցաւ երիցագոյն ընկերը՝ Շահան Ֆարաճեան, ապա կտորները բաժնուեցան ներկաներուն:
Հերթաբար խօսք առին բոլոր կառոյցներու պատասխանատուները, բարեմաղթանքներ փոխանցելով եւ իրենց ներդրումը բերելով հաւաքին: