ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կոտայքի մարզպետարանէն կը տեղեկացնեն, որ նախորդ տարեսկիզբին, Կոտայքի մարզպետը խօսած էր Կոտայքի մարզին մէջ՝ Երեւան-Սեւան մայրուղիի հարեւանութեամբ երկու եզակի քանդակներու վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին, որոնք այսօր թալանուած եւ գործնականին մէջ ոչնչացուած վիճակի մէջ են։
Խօսքը Բիւրեղաւանի վարչական տարածքին մէջ գտնուող՝ Խաչատուր Յակոբեանի «Արձագանգ» եւ Չարենցաւանի հատուածին մէջ վեր խոյացող՝ Դաւիթ Բեջանեանի «Անվերջութեան ժապաւէն» քանդակներուն մասին է, որոնց վերականգնման եւ յարակից տարածքներու բարեկարգման անհրաժեշտութեան մասին միտքը յղացած էր Հայաստանի վարչապետը Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդած ամիսներուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով անհրաժեշտութեան պարագային իր իսկ պահեստային ֆոնտէն հոգալու բոլոր անհրաժեշտ ծախսերը։
Այսօր արդէն իսկ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու գործոն ջանքի ներդրումով երկու քանդակներու վերականգնման եւ անոնց յարակից տարածքներու բարեկարգման, որոնց կարգին պատուանդաններու վերակառուցման ու տարածքներու գիշերային լուսաւորութեան նախահաշիւի բոլոր աշխատանքները աւարտած են, եւ շուտով պիտի սկսին անոնց վերականգնման ու վերատեղադրման աշխատանքները իրականացնելու մրցումները։
Մարզպետը յոյսով է, որ գարնանամուտին արդէն առարկայական յառաջընթաց պիտի արձանագրուի այս ուղղութեամբ, թէեւ կան տարածքներէն մէկուն տնօրինման վերաբերող հարցեր, որոնք ներկայիս կը լուծուին դատական կարգով։