ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ի՞նչ Պէտք Է Լինի Մեր Ուղին
(Հատուած)
…Վերջացա՞ւ սրանով մեր դատն ու պայքարը: Սպառե՞լ ենք արդեօք բոլոր հնարաւորութիւնները, գործածե՞լ ենք բոլոր ուժերը ու – սնա՞նկ հանդիսացել… Կարո՞ղ ենք ասել թէ այլեւս բան չունինք անելու, թէ մեր ինքնահաստատուելու տենչը ու կատարած փորձը մի գեղեցիկ ցնորք էր միայն, որ խորտակուեց անողոք իրականութեան բախելով, թէ քաղաքական անկախութիւնը մեր ուժերից վեր է եւ թէ մեզ մնում է միայն խոնարհուել ճակատագրի առաջ ու լռելեայն մեռնել…
Ո՛չ, պետութիւնները չեն կազմւում մի օրուայ մէջ ու մանաւանդ չեն կազմւում հեշտօրէն:
Երեխանե՛րը միայն կարող են երազել, թէ մի գեղեցիկ օր, մեր պետութիւնը – կազմ ու պատրաստ, ծաղիկներով զարդարուած ու շաքարեղէններով համեմուած – կը դրուէր մեր առաջը ու մեր պահապան հրեշտակը կ՛ասէր վերեւից. «Վայելեցէք խաղաղութեամբ…»։
Կռուի ու տանջանքների մէջ են ծնւում ազատութիւնները: Մեր երկունքը եղաւ աւելի երկար ու աւելի ծանր, քան իրաւունք ունէինք սպասելու,- թերեւս ա՛յնքան երկար ու այնքան ծանր, որ մեր ուժասպառ կազմը չկարողանար դիմանալ:
Թերեւս: Բայց այսօր դեռ վաղաժամ է այդ յոռետեսութիւնը, ուրեմն եւ փոքրոգութիւն՝ զինադուլը:
Հայաստանի այսօրուայ կացութիւնը ԿԱՐՈՂ է հասցնել քաղաքական մահի: Այդ սպառնալիքը կայ եւ շատ լուրջ է. բայց ոչ անխուսափելի, ոչ անյաղթելի: Այսօրուայ կացութիւնը ի՛նքը կարող է դառնալ (գուցէ եւ է՛ արդէն) մի շատ կարեւոր աստիճան՝ հետեւեալ քայլը առնելու համար…
Պայքարը շարունակւում է, շարունակւում է կազմակերպման ՊՐՈՑԷՍը: Դատը դեռ չի կորցրուած եւ աւելի քան երբեք պահանջում է ուժերի լարում:
Փրկե՛լ պետութիւնը, ամուր հիմքերի վրայ դնել ու կենսունակ դարձնել այն, – ահա մեր անելիքը: Սա պիտի լինի մեր այսօրուայ ամենամեծ հոգսը – միա՛կ մեծ հոգսը:
Յաջողելու համար պէտք է կեդրոնացնենք այս կէտի վրայ մեր ամբողջ կարողութիւնը, ամբողջ ուշադրութիւնը ու ամբողջ աշխատանքը:
Յաջողելու համար պէտք է միացնենք մեր ուժերը այն բոլոր կենդանի ուժերին, որոնք պայքարում են – ինչ գոյնի եւ դրօշի տակ էլ լինի – նոյն նպատակի համար:
Ո՛վ մեզ հետ միասին կանգնած է այս ճամբու վրայ ու վճռականութիւն ունի մինչեւ վերջը գնալու, նա ԻՍԿԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ Է, ինչ անուն էլ կրելու լինի (ԲՈՒՐԺՈՒԱ թէ ՊՐՈԼԵՏԱՐ, ընկերվարական թէ կղերական, ռամկավար թէ բոլշեւիկ), նա մեր բնական ու անբաժանելի դաշնակիցն է:
Եւ թշնամի է նա, ով – գիտակցօրէն թէ ակամայ, յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան թէ հակայեղափոխութեան, յանուն ԲՈՒՐԺՈՒԱի թէ ՊՐՈԼԵՏԱՐի, – կտրում է մեր ճամբան, պատնէշներ կառուցանում ու խրամատներ փորում մեր գրոհի առջեւ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ.- «ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ», Կոստանդնուպոլիս, 1922ի Մայիս-Յունիս ամիսներ
***
Յովհաննէս Քաջազնունիի մահուան 82րդ տարելիցն է: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետը իր աչքերը փակեց 1938 թուի Յունուարի 15ին, բոլշեւիկեան բանտի ծանր պայմաններուն մէջ, հիւանդ եւ անտեսուած:
Անկախութեան ճակատամարտերու կնճռոտ ռազմաբեմին վրայ Արամ Մանուկեանի կեդրոնական դերակատարութեան զուգահեռ՝ Քաջազնունի կը հանդիսանայ հայ անկախ պետականութեան դարբինը Թիֆլիսի եւ Բաթումի քաղաքական և դիւանագիտական թէժ հնոցներուն մէջ: Արամ Մանուկեան եւ Յովհաննէս Քաջազնունի: Երկու նուիրեալնե՛ր, որոնց մեծագոյն յարգանք կը պարտի մեր պետականութիւնը իր դժուարանուաճ լինելիութեան համար: Երկու երախտաւորնե՛ր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն դրոշմը պիտի դնէ զարգացող դէպքերու ընթացքին վրայ: Անշուշտ, անոնք առանձին չեն մեր պետականութիւնը ճարտարապետելու դժուարին մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ամբողջ հոյլ մը նուիրեալներու – մեծ մասը՝ Դաշնակցութեան շարքերէն – մաս կը կազմէ կերտողներու փաղանգին: Բայց իրենցն է պատիւը – յանուն Դաշնակցութեան եւ յանուն հայ ազգին – պատմութեան ուղղութիւնը ճշդելու, երբ պէտք էր առնուէին կենաց-մահու որոշումներ եւ այդ որոշումները հասցուէին իրենց վճռական իրագործման:
Ճակատագրի բերումով, Արամ շուտով զոհ կ՛երթայ բծաւոր տիֆի համաճարակին: Քաջազնունիին եւ իր ընկերներուն կը վիճակուի ստանձնել դժուարին դերը պետականաշինութեան: Անոնք միասնաբար հիմքերը կը նետեն նոր ժամանակներու հայոց ինքնիշխան հայրենիքին:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի հետեւանքները շատ ծանր են Հայաստանի եւ հայութեան համար: Նորանկախ հայ պետականութիւնը շուտով պիտի կծկուի բոլշեւիկեան Ռուսաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ դաժան աքցանին մէջ: Եւ այսպէս է, որ ծով արիւններու մէջէն յառնած մեր անկախութիւնը կրկին պիտի կքի յանգելով Խորհրդային Հայաստանի պատանդ կարգավիճակին: Հանրապետութեան հարազատ ղեկավարութիւնը – ներառեալ՝ Յովհաննէս Քաջազնունին – պիտի բռնէ տարագրութեան ուղին:
Մինչ Մոսկուա եւ իր հայազգի գործակալները Երեւանի մէջ կը հաւատան վերջ դրած ըլլալ Դաշնակցութեան գոյութեան, գերմարդկային ճիգերով Դաշնակցութիւնը կը վերականգնի աշխարհի բոլոր այն կէտերուն վրայ, ուր կ՛ապրի հայը: Եւ այնուամենայնիւ սկիզբ կ՛առնէ պատմական մեծ բանավէճը, որ խիզախ հարցադրումներով ի վերջոյ պիտի ճշդէ կուսակցութեան նոր առաքելութեան էութիւնն ու ուղին:
Դաշնակցութեան քաղաքական մտքի փայլուն դրսեւորումներն են, որոնք հանդէս կու գան օրուան մամուլի սիւնակներուն մէջ, բայց մանաւանդ ՀՅԴ ժողովականութեան նիստերու բեմին վրայ: Այս ճակատագրական օրերու պատմութիւնը դեռ չէ գրուած: Հայ քաղաքական միտքը 20րդ դարու քսանական եւ երեսունական թուականներուն ի նորոյ կը խմորուի բուռն վիճաբանութիւններու բովին մէջ: Յաջորդ հարիւր տարուան դաշնակցական գործի նախագիծն է, որ հետզհետէ կը բիւրեղանայ տեղի տալով յաճախ ներհակ շերտաւորումներու: Բնականաբար Քաջազնունի գործօն մասնակցութիւն ունի մտքերու այս փոխանակութեան մէջ:
1922ի Մայիս-Յունիս ամիսներուն, «Ճակատամարտ», ՀՅԴ նոր օրգանը Պոլսոյ մէջ, իր սիւնակներուն մէջ տեղ կը յատկացնէ Քաջազնունիի յայտնի յօդուածաշարքին՝ «Ի՞նչ պէտք է լինի մեր ուղին»՝ հետեւեալ խմբագրական ծանօթութեամբ՝ «Մեր յարգելի ընկերոջ, Հայկական Հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետին այս տեսութիւնները կը հրատարակենք իր պատասխանատուութեամբ, բեմը բաց պահելով ուրիշ ձեռնհաս ընկերներու արտայայտութեանց համար.- Խմբ.»
Տարի մը ետք, Քաջազնունի դուրս պիտի գայ Դաշնակցութեան շարքերէն փակելով իր քաղաքական գործունէութեան վերջին էջը եւ պիտի վերադառնայ հայրենիք – թէկուզ խորհրդայնացած իր բնոյթով – որպէս պարզ քաղաքացի հոն բնակելու եւ հայրենիքին ծառայելու վերջին յոյսով: Բայց այդ մէկը կը դառնայ բացարձակապէս անհնարին բոլշեւիկեան իշխանութեան նեղմիտ աշխարհին մէջ:
Ընկերներուս հետ կ՛ուզեմ բաժնել Քաջազնունիի վերոյիշեալ յօդուածաշարքին վերջին մասը գաղափար տալու համար, թէ ինչպիսի՛ մտաշխարհով Քաջազնունի կը մեկնէր Երեւան: Զայն կը քաղեմ Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ եւ Համազգայինի մատենաշարէն լոյս տեսած 1965ի հատորէն («Յետ Մահու»): Վրացեան եւ իր ընկերները երբեք չդադրեցան խոր յարգանքով եւ ափսոսանքով յիշելէ իրենց երէց ընկերը:
Քաջազնունիի յօդուածաշարքէն առաջ,1921ի Հոկտեմբերին, Մոսկուայի իշխանութեանց եւ յատկապէս Ստալինի ծանր թաթին տակ, Խորհրդային Հայաստանի առաջին իշխանաւորները ստորագրեր էին Կարսի պայմանագիրը, որմով Հայաստան Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի կը զիջէր իր հողատարածութեան մօտ 50 տոկոսը: Պայմանագրի վաւերաթուղթերու փոխանակութիւնը տեղի պիտի ունենար 1922ի Սեպտեմբերին, Քաջազնունիի յօդուածաշարքի լոյս տեսնելէն քանի մը ամիս ետք միայն: Քաջազնունի մօտէն կը հետեւէր այս իրադարձութիւններու ընթացքին եւ իրազեկ էր կացութեան: Ան կը գիտակցէր, որ պատմութեան մեծ գրաւին վերջնականապէս զոհ կրնար երթալ Հայաստանը: Այնուամենայնիւ Քաջազնունի յամառօրէն կը կառչի հայ անկախ պետականութեան գաղափարին: Ան մեծ հաւատքով եւ համբուրելի իր լաւատեսութեամբ կը գծէ ազգային ազատագրական պայքարի նոր ուղին իր այս յօդուածաշարքին մէջ: Ան գործակցութեան կը հրաւիրէ բոլոր ազգայնական տարրերը առանց խտրութեան եւ պատերազմ կը յայտարարէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն խափանել նոր գործի ուղին:
Տարի մը ետք հրապարակուած իր գայթակղեցուցիչ թէզը՝ «Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի Այլեւս», որուն արձագանգեցին դաշնակցական քաղաքական մտքի միւս տիտանները՝ Սիմոն Վրացեան, Ռուբէն Դարբինեան, Վահան Նաւասարդեան եւ Արշակ Ջամալեան, ինքնին այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ ահազա՛նգը նոր ժամանակներուն: Հեռու անսալէ Քաջազնունիի քաղաքական «ինքնասպանութեան» առաջարկին, Դաշնակցութեան հաւաքական կամքը վերստին կը զինուի: Ան վերստին ճամբայ կ՛ելլէ Քաջազնունիի թուղթին մէջ յստակօրէն տեսնելով Դաշնակցութեան գործի նոր նախագիծը կերտելու անյետաձգելի հրամայականը:
Ան այսօր կը հայթայթէ փաստը, որ դժուարին նկրտումներով, Սփիւռքի գոյութեան նախասեմին, մեր երէց ընկերները քաջութիւնը ունեցան վերամտածելու դաշնակցական գործի առաքելութիւնը: Հակառակ իր զարտուղի թէզին՝ Քաջազնունի այնուամենայնիւ ճիշդ նախատեսեց Հայաստանի ապագան: Խորհրդային համակարգի ծոցէն այնուամենայնիւ դուրս եկաւ նորատիպ ազգայնականութիւն մը: Բոլշեւիզմի մամլիչ մեքենայէն յաջողապէս դուրս սպրդած մէկ նոր երիտասարդութի՛ւն, որ ի վերջոյ երկիրը հասցուց մերօրեայ անկախութեան:
Ճիշդ էին նաեւ մեր միւս ընկերները, որոնք տեղի չտուին Քաջազնունիի «ինքնասպանութեան» առաջարկին եւ կերտեցին նոր քաղաքականութիւն, գրաւեցին քաղաքական նոր տարածք ամբողջ աշխարհով մէկ, զայն գրաւեցին հայութեան եւ հայոց հայրենիքին համար, զայն կոչեցին Սփիւռք եւ ամէն օր եւ ամէն գիշեր քաղաքականացուցին այդ Սփիւռքը…
Դաշնակցութեան հին բանավէճի ռահվիրաները, իրենց պայծառ իմացականութեամբ, այսօր մեզի կը յուշեն, որ կը գտնուինք պատմութեան այն բախտորոշ կէտին վրայ, ուր մեր պարտականութիւնն է վճռականօրէն ի մի բերել ազգին երկու միաւորները՝ Հայրենիքն ու Սփիւռքը մէկ հանճարեղ ռազմավարական կառոյցի մէջ ի նախապատրաստութիւն հայրենակերտման յաջորդ հանգրուանին… Եկա՛ծ է այդ ճակատագրական վայրկեանը եւ Դաշնակցութեան նոր սերունդը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պատրաստ է իր ուսերուն վերցնելու այդ պատմական պատասխանատուութիւնը: