ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ որոշ տեղաշարժեր կան:
Ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան՝ այս մասին գրուած է զանգուածային լրատուամիջոցներուն ուղղած հարցումներուն պատասխաններուն մէջ, որոնք նախապատրաստուած էին, սակայն չէին հնչած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սերգէյ Լաւրովի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որ նուիրուած էր 2019 ռուսական դիւանագիտութեան գործունէութեան արդիւնքներուն:
«Տեղաշարժեր կան իրականացման մէջ «փոքր քայլեր»ու, որոնց շուրջ արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած էին Ապրիլ 2019ին՝ ի զարգացումն Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ Մարտ 2019ին Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն: Սահմանին վրայ եւ շփման գիծին մէջ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն հանգիստ է: Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կապի թէժ գիծ կը գործէ», կը տեղեկացնեն նախարարութենէն։
«Կը կարծենք, որ այս բոլորը կը վկայեն բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելուն վերաբերող յստակ քայլերու ձեռնարկելու կողմերու մտադրութեան մասին:
«Սակայն ցարդ յաջողութիւն չէ արձանագրուած լուծման բովանդակային հարցերուն շուրջ յառաջ ընթանալու առումով», կ՛ըսեն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ յոյս յայտնելով, որ կողմերուն միջեւ պիտի վերսկսի առարկայական խօսակցութիւնը:
Յուսանք որ իսկապէս առարկայական ըլլայ Ատրպէյճանի թաղաթականութիւնը, սակայն ինչի համար կը ծախսէ միլիառաւոր գումարներ եթէ ոչ Արցախը եւ Հայաստանը միասին գրաւելու նպատակով: Թող իր սեփական ժողովուրդին բարօրութեան ծախսէ հսկայական գումարները: