ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Գիտեմ, որ անհանգիստ պիտի զգար լսելով գովաբանական խօսքեր իր մասին, որովհետեւ ան գործի՛ մարդ էր, եւ իրեն համար ազգային աշխատանքը կեանքի առօրեային անքակտելի մէկ մասն էր: Հետեւաբար, պէտք էր հասնիլ նշանակուած նպատակներուն եւ չդանդաղիլ նպատակասլաց երթին մէջ, որովհետեւ մեր դէմ ծառացած ազգային մարտահրաւէրները անյետաձգելի էին:
Թերեւս ճիշդ ա՛յդ պատճառով ալ ընկեր Խաժակին հանդարտ եւ խարսխուած արտաքինին ետին միշտ զգալի էր անմիջականութիւն, անյետաձգելիութիւն եւ նոյնքան ալ՝ անհանգստութիւն, ներքուստ եռացող փոթորիկի մը նման: Գործը պէտք էր առաջ տանիլ. իրեն համար Հայ Դատի պայքարին մէջ տատամսիլը կամ դանդաղիլը այլընտրանք չէին:
Տարիներու ծառայութիւն՝ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Տարիներու ծառայութիւն բոլոր մակարդակներու վրայ՝ հոգաբարձութիւն, Ազգ. վարչութիւն, կոմիտէ, Կեդր. կոմիտէ, Հայ Դատի յանձնախումբ:
Համայնքին մէջ ընկեր Խաժակը պատասխանատու մարդ, պատասխանատու ընկեր եւ կեդրոնական սիւն էր: Իրեն համար կազմակերպական դիրքը երբեք ալ կարեւոր չէր: Առաջնահերթը գործն էր: Անզիջող յանձնառութեամբ աշխատանք. աշխատանք՝ նուիրուած ազգային իղձերու: Աշխատանք, ուր անհատական նախընտրութիւնները երբե՛ք չէին կրնար տիրապետել:
Ընկեր Խաժակին համար գործունէութիւնը դադրեցնելու կամ դանդաղեցնելու արդարացում երբեք չէր կրնար գոյութիւն ունենալ: Պատասխանատուութենէ խուսափելու պատճառաբանութիւն գոյութիւն չունէր իր բառարանին մէջ: Ակունքները ազգային էին, արմատները՝ դաշնակցական: Հետեւաբար, ուխտած էր ազգին ծառայել Դաշնակցութեան ճամբով, ինչպէս ուխտած է իր եղբայրը՝ ընկեր Ժիրայրը, զարմիկը՝ ընկ. Հրայրը, մեզմէ առյաւէտ հեռացած մեր շարքերու փայլքի լաւագոյն օրինակներէն, ընկեր Սագօն՝ Սարգիսեանը, որուն հետ անկասկած իր հոգին միաձուլուած է ներկայիս:
Ընկեր Խաժակ զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող մարդ էր եւ դաշնակցական: Սակայն միշտ դէմ էր հատուածականութեան: Մնաց մինչեւ վերջ իբրեւ հաւաքականին ձգտող եւ հաւաքականը անհատականէն գերադասող անձ: Այդ կտակելով՝ հեռացաւ մեզմէ: Բան մը, մանաւանդ այս օրերուս, պարտի դաս ըլլալու մեր բոլորին, նոյնիսկ երէցներուն եւ ամէնէն փորձառուներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ դաշնակցական ընկեր: