ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Երեւան քաղաքի դատախազութիւնը ուսումնասիրած էր Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ քննուած՝ 24-25 Սեպտեմբեր 2001ի գիշերը «Առագաստ» սրճարանին մէջ դաշնակցական Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան վերաբերեալ քրէական գործը, Սթիւըն Ճոն Նիւթընի ներկայացուցիչներուն դիմումը, անոր կից ներկայացուած փաստաթուղթերը:
Նիւթընի ներկայացուցիչներուն կողմէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած դիմումին եւ անոր կից՝ վերոնշեալ դէպքին վերաբերող յայտարարութեան ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ յայտարարութիւնը դէպքին մասին կը պարունակէ էական նշանակութիւն ունեցող այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք առերեւոյթ կը վկայեն Պ. Պօղոսեանի՝ կեանքէն ոչ թէ անզգուշութեամբ զրկուելու, այլ խումբ մը անձերու կողմէ խուլիկանական դրդումներով դիտաւորութեամբ սպանութեան մասին:
Այսինքն առերեւոյթ ի յայտ եկած են այնպիսի նոր հանգամանքներ, որոնք կրնան ապացուցել, որ գործով դատապարտուած անձը առերեւոյթ կատարած է աւելի ծանր յանցանք՝ սպանութիւն ծանրացուցիչ հանգամանքներու մէջ, քան այն, որուն համար դատապարտուած է: Առ այդ, Պ. Պօղոսեանի մահուան փաստին առթիւ յարուցուած քրէական գործով տրուած դատական որոշումը նոր երեւան եկած հանգամանքներուն լոյսին տակ վերանայելու համար Երեւան քաղաքի դատախազութեան մէջ յարուցուած է համապատասխան վարոյթ եւ քննութիւն կատարելու յանձնարարութեամբ ուղարկուած Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աւելի ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժին:
Վարոյթին ընթացքին կատարուած են շարք մը գործողութիւններ, հարցաքննուած են վկաներ, որոնք հաստատած են Պօղոս Պօղոսեանը քանի մը հոգիով ծեծի ենթարկելու հանգամանքը: Հար-ցաքննուած է նաեւ Սթիւըն Ճոն Նիւթընը, որ տուած է ներկայացուած վերոնշեալ վկայութեան նոյն բովանդակութեան ցուցմունք:
Նշանակուած է յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութիւն, որուն արդիւնքները էականօրէն տարբեր են նախկինին քրէական գործով տրուած եզրակացութեան տուեալներէն:
Այս բոլոր տուեալներէն մեկնելով՝ Հայաստանի գլխաւոր դատախազին տեղակալը բողոք ներկայացուց Հայաստանի վերաքննիչ դատարանին՝ նոր երեւան եկած հանգամանքներուն հիման վրայ վերանայելու եւ ամբողջութեամբ բեկանելու 21 Փետրուար 2002ի դատավճիռը՝ գործը ուղարկելով համապատասխան ստորադաս դատարան՝ նոր քննութեան: