ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Մելիքկազի գաւառին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին ժայռափոր եկեղեցին կը շարունակեն կողոպտել թուրք գանձագողերը, անոր յաւելեալ վնասներ պատճառելով, կը տեղեկանէ «T24.com.tr» կայքը:
Շրջանի աւագանիի անդամ Օմար Նալպանտ կը պահանջէ եկեղեցին վերանորոգել եւ հասանելի դարձնել զբօսաշրջիկներուն:
Հայկական այս եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք չի գործեր եւ պարբերաբար կ՛ենթարկուի յարձակումներու, որոնց հետեւանքով պատերը եւ եկեղեցւոյ որմնանկարները մեծապէս վնասուած են:
«Մենք՝ իբրեւ աւագանի, բազմիցս երկաթէ դռներ դրած ենք, կղպած եկեղեցւոյ դուռը, բայց ապարդիւն՝ գանձեր որոնողները դուռը կը ջարդեն», կը յայտնէ Նալպանտ: