ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 19 Յունուարին տեղի ունեցաւ Ազգային վերածնունդ կուսակցութեան 6րդ համագումարը, որ որոշեց Արցախի նախագահի թեկնածու առաջադրել կուսակցութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը:
Խանումեան բացառեց որեւէ համագործակցութիւն համակարգային փտածութիւն ստեղծած, իշխանութիւնը եւ գործարարութիւնը միաձուլած քաղաքական ուժերուն եւ գործիչներուն հետ, մասնաւորապէս բացառեց որեւէ նախընտրական կամ յետընտրական համագործակցութիւն «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ անոր համախոհ գործընկերներուն հետ:
«Ազգային Վերածնունդ» կուսակցութիւնը եւ Հայկ Խանումեան յայտարարեցին, որ անձամբ պիտի ըլլան իրական փոփոխութիւններ առաջնորդող ուժը 2020ի Արցախի նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: