ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիւ Եորք Թայմզ».- Երեքշաբթի, 21 Յունուարին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացուց երկրին յաջորդ կառավարութեան կազմը։
Նորանշանակ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի դահլիճին մաս պիտի կազմեն նախորդ կառավարութենէն շարք մը նախարարներ, սակայն կառավարութիւնը պիտի ունենայ տնտեսական նոր նախարար մը՝ Մաքիսմ Ռեշեթնիքով, եւ առաջին անգամ ըլլալով առաջին փոխվարչապետ մը՝ Անտրէյ Պոլուսով։
Իրենց պաշտօններուն վրայ պիտի մնան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի, ուժանիւթի եւ հողագործութեան նախարարները։