ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Յունուարին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան թանգարանի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։
Գոհար Խանումեան ըսաւ, որ հիմնարկը 16-17 Ապրիլ 2020ին պիտի կազմակերպէ «Պայքար հայկական Կիլիկիոյ համար. Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Առաջին աշխարհամարտի աւարտից յետոյ (1918-1921)» խորագիրով գիտաժողովը, որ նուիրուած է Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեակին: Այս առիթով պիտի իրականցուի նաեւ համապատասխան ցուցահանդէս մը:
«Հերոսամարտերի պատմութեանը նուիրուած ցուցահանդէսներ նախկինում իրականացրել ենք, իսկ այս ցուցադրութեան նպատակն է ներկայացնել Կիլիկիայի պատումը եւ հերոսամարտերը, թէ ինչպէս են մարդիկ կենաց-մահու կռիւ մղելով պայքարել յանուն Կիլիկիայի», յայտնեց ան:
Ըստ Խանումեանի՝ թանգարանային ցուցադրութեան ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին բացառիկ ցուցանմոյշներ, որոնք կը պատմեն մարդկային ճակատագիրներու մասին: «Ցուցադրութեան մէջ օգտագործելու ենք նաեւ վերջին տարիների հաւաքական աշխատանքի արդիւնքում ձեռք բերուած նմոյշներ՝ բացիկներ եւ իրեր», ընդգծեց գլխաւոր ֆոնտապահը:
Յարութիւն Մարութեան անդրադարձաւ հիմնարկի գիտաշխատողներուն թիւը աւելցնելու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, որ միայն 10 գիտաշխատողներ լծուած են գիտահետազօտական աշխատանքներու, սակայն թանգարանը կարիքը ունի առնուազն 15 գիտաշխատողներու:
Խօսելով թանգարան-հիմնարկի ֆինանսաւորման մասին՝ Մարութեան ըսաւ, որ շուրջ տասը տարի հաստատութեան ֆինանսաւորման 40 տոկոսը կը տրամադրէ «Լոյս» հիմնադրամը, մնացածը՝ պետութիւնը, սակայն վերջին տարիներուն պետութիւնը այդ 40 տոկոսը ներառեց պիւտճէին մէջ՝ շուրջ 65 միլիոն դրամ գումար: Ըստ անոր՝ թանգարանը եկամուտներ չունի, որովհետեւ մուտքը անվճար է եւ անվճար պիտի մնայ, սակայն 1 Օգոստոս 2019էն սկսեալ, այցելուներուն ընկերակցիլը եւ բացատրութիւններ տալը դարձաւ վճարովի: «Դրանից բնաւ չտուժեց այցելուների քանակը, բայց մեզ համար շօշափելի գումար ստացանք», եզրափակեց Մարութեան: