ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- 22 Յունուարին, Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան անդրանիկ նիստը գումարուեցաւ նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի։
Ժողովէն առաջ տեղի ունեցած լուսանկարուելու արարողութենէն ետք մեկնելու ընթացքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բաւարարուեցաւ՝ ըսելով. «Տեղեկատուուական մարզը կառավարութեան կազմութեամբ լաւատես չէ, սակայն ես լաւատես եմ»։ Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն կացութիւնը կը պահանջէ բազմապատկել ջանքերը եւ աշխատանքը, յատկապէս նկատի ունենալով տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային դժուար պայմանները, որոնց ընթացքին կազմուեցաւ կառավարութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ մաղթեց, որ կառավարութեան անդրանիկ նիստը ըլլայ աշխատանքներու մեկնարկին ազդանշանը, «որովհետեւ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն դժուար եւ վտանգաւոր փուլը կը դիմագրաւէ»։ Վարչապետը յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի աղէտի մը դիմաց եւ կառավարութիւնը պատասխանատու է լիբանանցիներուն առջեւ այդ աղէտին ունենալիք հետեւանքները մեղմացնելու գծով:
Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումը շարունակեց մերժել նորակազմ կառավարութիւնը՝ աւելի եւս սաստկացնելով ապահովութեան ուժերուն հետ իր բախումները։
Ցուցարարները վարչապետ Տիապի կազմած կառավարութիւնը կը նկատեն քաղաքական կառավարութիւն եւ ոչ մասնագէտներու կառավարական կազմ, ինչ որ իրենց պահանջն էր:
Կեդրոնական Պէյրութի Օմարի մզկիթին կից մուտքը, որ դէպի խորհրդարան կ՛առաջնորդէ, դարձեալ վերածուեցաւ բախումի վայրի մը՝ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Ցուցարարները հրկիզեցին վարչապետ Տիապի լուսանկարները, շարունակեցին ապահովութեան ուժերուն հետ իրենց բախումները, ինչպէս նաեւ յարձակումներ գործեցին շրջանին մէջ գտնուող վաճառատուներուն դէմ՝ փշրելով անոնց ցուցափեղկերը, ինչպէս նաեւ քանդելով ճամբուն ազդալոյսերը:
Այնուհետեւ ապահովութեան ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակեցին՝ ցուցարարները ցրուելու նպատակով: Աւելի ուշ այդ բախումները ստացան բուռն բնոյթ, որուն իբրեւ արդիւնք շրջանը հասաւ լիբանանեան բանակը՝ կացութիւնը հակակշռելու համար: Բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան մեծ թիւով քաղաքացիներ եւ ապահովութեան ուժերու անդամներ: