
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան օրերը անցան:
Բոլորը ճիգ ու ջանք չխնայեցին գոնէ փոքրիկները ուրախացնելու. մեր բոլոր հաստատութիւնները՝ եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ, ամէն կերպ փորձեցին տօնական օրեր պարգեւել փոքրիկներուն եւ յաջողեցան: Մեր մանուկները ներկայ եղան բազմաթիւ խրախճանքներու: Մեծահասակներուն ալ ուրախանալու առիթներ ընծայուեցան՝ պարահանդէսներ եւ ճաշկերոյթներ, որոնք սակայն մատչելի չէին բոլորին, ուստի եւ անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը, չըսելու համար կիսադատարկ, ըսեմ, կիսալեցուն սրահներու մէջ տեղի ունեցան:
Եւ եթէ գաղթած հալէպցիները իրենց երկիրներուն մէջ յիշեցին Հալէպի ամանօրեայ անխառն ուրախութիւնները, ապա հոս մնացողները չուզեցին միտքերնէն իսկ անցընել այդ երանելի ժամանակները. չէ՞ որ յիշողութեան այդ փորձն իսկ աւելի ցայտուն պիտի դարձնէր ներկայիս ողբերգութեան հասնող կացութիւնը:
Իսկ ներկան գորշ է, շատ գորշ:
Որքա՜ն ալ հեռատեսիլով դիտենք փայլուն, լուսաւոր սրահներուն մէջ մեր համայնքապետներուն կատարած շնորհաւորական ընդունելութիւնները, որքան ալ լաւատեսօրէն փորձենք նկարագրել Հալէպի՝ «ապագայի Տուպայ»ի գալիքը, միեւնոյնն է, այսօր ամէն ինչ գորշ է, շատ գորշ:
Սուրիական լիրայի ամէնօրեայ անկումն ու Կեդրոնական դրամատան անկարողութիւնը այս անկումին կասեցման դիմաց, յուսահատութեան կը մատնէ բնակչութիւնը: Մարդիկ կը վախնան գնում ընելէ. ամէն ինչ, ամէն օր կը սղի, ոչխարի եւ կովու միս ուտելը մեծամասնութեան համար սկսած է երազանք դառնալու, ցաւոք նոյն ճամբան սկսած է «փնտռելու» նաեւ հաւու միսը: Պտուղ-բանջարեղէնի գիները ահռելիօրէն կը սուղնան, պետական աժան հացին արտադրութեան չափը շատ հեռու է բոլորին բաւելէ, «փիւթակազ»ը Սուրիոյ մէջ կը մատակարարուի 24 քիլօկրամ պարունակութեամբ մետաղեայ շիշերով, որոնք կը ծախուին բեռնատար ինքնաշարժներու վրայ. իւրաքանչիւր ընտանիք իրաւունք ունի 23 օր անգամ մը շիշ մը գնելու, որ ամրան ամիսներուն համար աւելի քան բաւարար է. ձմրան ամիսներուն համար շատ քիչ է այս քանակութիւնը, որովհետեւ մարդիկ «փիւթակազ»ը կը դարձնեն տաքնալու եւ ջուր տաքցնելու հիմնական միջոց, որովհետեւ պետութիւնը ամբողջ տարուան համար ամէն մէկ ընտանիքին միայն 100 լիթր վառելանիւթ կը վաճառէ։ Միւս կողմէ պետութիւնը այս մէկ շիշը նշեալ ժամանակամիջոցին չի կրնար ապահովել ամբողջ բնակչութեան համար, եւ կը գոյանան շարքեր, որոնք երբեմն վիթխարիօրէն կ՛երկարին, մարդիկ ժամեր առաջ, երբեմն գիշերուընէ շարքի կը սպասեն եւ, ցաւոք, շատեր ձեռնունայն կը վերադառնան. մարդիկ կը ջանան այլեւայլ միջոցներով ձեռք ձգել ցանկալի հրաշք, երկնագոյն վառելանիւթը. 2700 լիրա (երկու տոլար 70 սէնթ) արժող շիշին գինը կը կրկնապատկուի, կը քառապատկուի՝ հասնելով մինչեւ 10 տոլարի, երբ մեր միջին աշխատավարձը 50 տոլարէն ալ նուազ է:
Մարդոց խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը լիրային անկումն է եւ ատոր հետեւանքով ամէն ինչի ամէնօրեայ գնաճը:
Պետութիւնը չի՞ տեսներ այս ամէնը. կը տեսնէ, բայց կարծես թէ չի կրնար բան մը ընել, որովհետեւ ութ տարուան պատերազմը սնանկութեան աստիճանին հասցուցած է զինք: Պզտիկներուդ ուտելիք չե՞ս կրնար գնել. գնա՛ այս, այն բարեգործական կամ կրօնական հաստատութեան դիմէ: Ամսուն եօթէն գրպանդ պարա՞պ է. տունը մնացած քանի մը կրամ ոսկին ալ ծախէ… Եթէ ասանկ շարունակուի, անօթի պիտի մեռնի՞ս. մեռի՛ր, որո՛ւն հոգը…
Մեր տնտեսական վիճակը իրա՛ւ ծանր է, շա՛տ ծանր: Ո՛չ պետութեան աւելցուցած աշխատավարձը կը լուծէ անելը, ո՛չ ալ բարեգործական կազմակերպութիւններուն կարկտանները:
Երիտասարդները ոչ մէկ կարելիութիւն ունին ամուսնանալու. նշանուածները տարիներով նշան-ուած կը մնան, ամուրիները յամառօրէն կը շարունակեն ամուրի մնալու եւ.
– Պէտք է նշանուիս այլեւս,- կ՛ըսես:
– Նշանուածները չե՞ս տեսներ,- կ՛ըլլայ պատասխանը:
Նշանուածները կը տեսնես. խեղճերը անելանելի վիճակի մը մէջ կը գտնուին. ապագայի բնակելիք տունէն առաջ պսակուելու ահռելի ծախսերն իսկ կը սարսափեցնեն զիրենք:
– Եղբայր, պայմա՞ն է քանի մը քահանայ-վարդապետ-եպիսկոպոսով պսակուիլը. Գացէք արձանագրեցէք ձեր ամուսնութիւնը, վերջացաւ, գնաց:
– Հապա՞ մեր ազգային սովորութիւնները, արեւելեան կենցաղը…
Կարծեմ այս պայմաններուն մէջ ասիկա սովորութենէ աւելէ սնապարծութիւն կարելի է որակել:
Ենթադրենք թէ պսակադրման եւ հարսանեկան ծախսերուն հարցը մաս մը պարտքով, մաս մըն ալ նուէրներու ակնկալիքով լուծուած սեպուեցաւ, սակայն՝
«Ե՞րբ պիտի ամուսնանանաք» հարցումին հաւանական պատասխանը կ՛ըլլայ.
– Ինչպէ՞ս ամուսնանանք, Շուէտի ազգականիս տունը պիտի ապրէինք, ան ալ եկաւ տունը ծախեց, չենք գիտեր ի՞նչ ընենք:
Ամուսնանալիք-չամուսնացող այս երիտասարդներուն համար ո՞վ, ի՞նչ կրնայ ընել:
Ուղղափառ Ասորի եկեղեցւոյ համայնքապետարանը յայտարարեց, որ համայնքի զաւակներուն պսակադրութեան արարողութիւնը ձրի պիտի կատարուի, հարսանեկան խրախճանքի սրահը անվճար պիտի տրամադրուի, նորապսակներուն մէկ միլիոն սուրիական լիրա (1000 տոլար) նուէր տալու կողքին, համայնքապետարանը պիտի հոգայ անոնց տան մէկ տարուան վարձքը, նորածինին մէկ տարուան ծախսերն ու նախակրթարանի դպրոցական ծախսերը…
Օրինակելի քայլ մը չէ՞: Մեր համայնքապետները կրնա՞ն այս օրինակին հետեւիլ, նիւթապէս կարելիութիւն ունի՞ն:
Մենք լաւ չենք, բնա՛ւ լաւ չենք:
Լաւ չենք, սակայն յաճախ կը կեղծենք, աւելի ճիշդ մեր պատասխանատուները յաճախ գորշութիւնը կը ծածկեն եւ մեր վիճակը իրենցմէ վերեւի պատասխանատուներուն կը ներկայացնեն առնուազն դրական նիշերով: Ինչո՞ւ: Թերեւս պետական մարմիններու առջեւ լաւ երեւնալու համար: Ներկայէն աւելի կը խօսին ապագայի Հալէպի մասին, այն Հալէպի, որ պիտի դառնայ աշխարհի երկրորդ Տուպայը…
Ջայլամութենէն գէշ բան կա՞յ:
Անցեալ ամիս, լաւ չենք ըսողները ոմանց կողմէ մեղադրուեցան դիտաւորեալ հոռետեսութեան մէջ: Հիմա, երբ ամէն օր, աւելին, երբ նոյն օրուան ընթացքին ամէն ինչ քանի մը անգամ սղաճ կ՛արձանագրէ, երբ չենք գիտեր տունը մնացած 30-40 լիթր վառելանիւթի սպառումէն ետք, ինչպէ՞ս պիտի տաքցնենք մեր նորածին մանուկը, կամ եթէ «փիւթակազ»ի շիշը պարպուի, ինչո՞վ պիտի փոխարինենք, հապա սիկարէ՞թը, բոլոր ծխողները պարտադրաբար պէտք է վերջ տան այդ մոլի եւ վնասակար սովորութեան, որովհետեւ եթէ ցարդ ի գին իրենց առողջութեան վնասելուն չկրցան հրաժարիլ, ապա հիմա, նիւթականի պատճառաւ ստիպուած են շատ քիչ ծխել, այնքան որ կը սղի այդ անիծեալ հաճոյքը:
Թաքսի՞, եթէ մէկ անգամ նստիս, ապա երկու անգամ ալ քալելով պէտք է տեղէ տեղ երթաս, չհաշուած վարորդներու, իրենց հարազատին բժշկական զանազան գործողութիւններու եւ նիւթական անյետաձգելի կարիքի կեղծ ու պատիր պատմութիւնները…
Հապա՞ ապահովական վիճակը: Պարսիկ սպային սպաննութիւնը սարսափ տարածեց Սուրիոյ պետութեան կողմնակիցներուն մէջ, ընդդիմադիրները ցնծացին, որովհետեւ Սոլէյմանին անմիջական գլխաւոր հրամանատարն էր Սուրիոյ մէջ պարսկական եւ հաւանաբար նաեւ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի զօրքերուն, որոնք ամենահաւատարիմներն են՝ պետութեան եւ ամենախիզախները՝ անոր մարտիկներուն:
Ռուսերն ու թուրքերը համաձայնած են Իթլիպի թնճուկին խաղաղ լուծման, Սուրիոյ պետութիւնն ալ ընդունած է այդ համաձայնութիւնը, սակայն կ՛ըսուի, թէ տասնեակ հազարաւոր լաւ մարզուած զինեալներ ունեցող «Ճապհաթ Նուսրա»ի ծայրայեղականները կը մերժեն ենթարկուիլ Թուրքիոյ այս որոշումին, բախումը անխուսափելի դարձնելով. եթէ ասիկա իրականութիւն է, ապա քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս ապահովական վիճակը կրնայ շատ վտանգուիլ, եւ անցեալ Կիրակի օրուան հրթիռներու տեղատարափը կրնայ կրկնուիլ… եւ Հալէպը կրկին սուգի մատնել, ամբողջ Հալէպը, անկախ թէ ո՛ր թաղին վրայ կ՛արձակուին աւերիչ պայթուցիկները։ Թէ՛ յայտարարուած պարզապէս թիւի վերածուած 380,000, թէ՛ 550,000, թէ՛ 850,000 զոհերուն վրայ չորս երիտասարդներուն գումարուիլը բան պիտի չփոխէ…
Այո՛, Սուրիոյ զոհերուն թիւը իւրաքանչիւր կողմ կը ներկայացնէ այնպէս, ինչպէս ի՛նք կ՛ուզէ, հապա կրկնակի թիւով վիրաւորնե՞րը, հապա 7-8 միլիոն գաղթականնե՞րը, հապա մե՞նք՝ հոս մնացածներս… մենք մէկ միջոց ունինք դիմանալու եւ գոյատեւելու.
– Պիտի մոռնանք, որ մարդ ենք…
Եզրակացնենք. մենք՝ հայերս, եթէ կ՛ուզենք, որ այս գաղութը մնայ, մեր ղեկավարները ստիպուած են միջոց մը գտնել քիչ մը թեթեւցնելու մեր ամէն իմաստով ծանր կացութիւնը: Անցեալ շաբաթ օր, երեք համայնքապետերը հանդիպում մը ունեցան. վստահաբար անդրադարձան մեր վիճակին: Անոնք ի՞նչ քայլեր կրնան առնել, չեմ գիտեր, մէկ բան գիտեմ. վճռական որոշումներ առնելու համար կարիքը ունինք Հայաստանի օգնութեան եւ հիմա ժամանակն է, որ Հայաստանէն բարձրաստիճան, շատ բարձրաստիճան պատասխանատու մը գայ Հալէպ, ո՛չ թէ ծանօթացման միտումով, այլ կարեւոր որոշումներ առնելու վճռակամութեամբ:
Ի՞նչ կ՛ըսէք: