ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Շաբաթ, 25 եւ Կիրակի 26 Յունուարին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին եպիսկոպոսական Ս. պատարագով, մատաղի օրհնութեամբ եւ տարեկան երկրորդ հարիսայի պատրաստութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան տօնը։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Լաս Վեկաս ժամանեց Շաբաթ յետմիջօրէին, նախագահելու համար տօնակատարութեան։
Երեկոյեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սկիզբ առաւ հարիսայի պատրաստութիւնը, ապա, «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան մասնակցեցաւ սոյն ձեռնարկին, որ այս տարի հովանաւորուած էր տէր եւ տիկին Ճէք եւ Լուիզ Պալապանեան ամոլին կողմէ։
Բացման խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետուհի Արփի Հիքս, որ ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը սեղաններու օրհնութիւնը կատարելու, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը, որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեան ու հանդիսավար Յակոբ Հաւանճեան ներկայացուցին Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին պատմականը եւ հարիսայի աւանդութիւնը։ Առաջնորդ սրբազանը եւ գլխաւոր հիւպատոսը շնորհաւորական ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին։
Այս առիթով, եկեղեցին պատուեց Սիրան Ներսէսեանը, Մանուշակ Ուրֆալեանը, Լիլի Սաղըրեանը, Լիանա Հաւանճեանը, Յովիկ Պայրամեանը եւ Կապրիէլա Կէյիքեանը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեանց համար։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր առաջնորդ սրբազանը, գլխաւոր հիւպատոսին, հոգեւոր հովիւին, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի եւ հովանաւորներուն ընկերակցութեամբ՝ մատաղը հարելու բացումը կատարեց, մինչ Լաս Վեկասի Հայկական պարի ակադեմիոյ աշակերտները ներկայացուցին հայկական ժողովրդական պարեր։
Կիրակի օր, առաջնորդ սրբազանը Ս. պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Թափօրին կը մասնակցէին ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներ։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան, իսկ Իսֆահանէն հիւրաբար ներկայ գտնուող Մեսրոպ Ա. քհնյ. Գալստանեան մասնակցեցաւ արարողութեան։
Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի, ՀՕՄի «Շուշի» եւ ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները։
Սրբազանը իր քարոզին սկզբնաւորութեան անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան տօնին՝ մէջբերելով աւետարանական այն հատուածները, որուն մէջ շեշտուած է, թէ Ս. Յովհաննէսը եղաւ Յիսուսի ճանապարհը հարթողը։ Ան ընդգծեց, որ Ս. Յովհաննէսը մարգարէներէն մեծագոյնն էր, Աստուծոյ մարգարէն, որ իր ունեցած բոլոր շնորհքներով հանդերձ, մնաց խոնարհ եւ պարկեշտ։
Անդրադառնալով քրիստոնէութեան մէջ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ինքնուրոյն դերին, առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ այնպէս ինչպէս Ս. Յովհաննէսը ժողովուրդը Աստուծոյ մօտեցուց, մենք եւս պէտք է մեր նմանները Քրիստոսի եւ դէպի եկեղեցի առաջնորդենք։
«Եկեղեցին, այս եկեղեցին, սոսկ շէնք մը չէ, այլ Քրիստոսով միացած հաւատացեալներու մարմինն է։ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մասնակցութիւն բերելով, մեր հաւատքին մէջ աւելի եւս կը պտղաւորուինք եւ կ՛ամրապնդուինք, կը սրբագործուինք եւ կը վերափոխուինք։ Կը մաղթեմ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին այս շրջանին մէջ դառնայ ժողովուրդը միաւորող այն ապաստանը եւ փարոսը, որմէ Քրիստոսի անմար լոյսը ցոլայ եւ մեր ժողովուրդը շարունակ լուսաւորէ», ըսաւ առաջնորդը։
Իր քարոզին աւարտին, սրբազանը շնորհաւորեց ծխական մեծ ընտանիքը եւ յորդորեց, որ այս տօնախմբութիւնը ըլլայ վերանորոգութեան եւ յանձնառութեան միջոց՝ մեր հաւատքը զօրացնելու, Տիրոջ ապաւինելու ու հնազանդելու, ընտրելու բարին եւ լոյսը՝ չարն ու խաւարը խափանելու համար, որպէսզի դառնանք ժառանգորդները երկինքի արքայութեան, ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ։
Պատարագին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան «Գուճաքեան» սրահը՝ ճաշակելու համար պատրաստուած մատաղը։
Այս առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորեթցի կողմէ Կրեկ Մարթայեան գնահատագիր մը յանձնեց եկեղեցւոյ։ Խօսք առին Ատրուշան Արմէնեան եւ հոգեւոր հովիւը, որոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին, որ նախագահեց տօնակատարութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին Տիկնանց միութեան իրենց աշխատանքին համար ու բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան։