ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երկուշաբթի, 13 Յունուարի երեկոյեան, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդին նուիրուած ընկերային հաւաք մը, որ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու անցեալ տարուան շարք մը իրագործումները եւ համայնքին անդամները ծանօթացնելու պետական շարք մը պետական պաշտօնատարներու հետ:
Տարեկան աւանդութեան մը վերածուած այս տօնակատարութեան բացումը կատարեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան, բարի գալուստ մաղթելով հաւաքին մասնակցողներուն։
Ճաշի օրհնութիւնը կատարեցին Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։
Ներկաները վայելեցին տօնական օրերու յատուկ երաժշտութիւն եւ դիտեցին սահիկերու ցուցադրութիւն մը, որ նուիրուած էր Պըրպենքի Հայ մշակութային հիմնարկութեան «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն գործունէութեանց։
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմընի ներկայացուցիչներուն կողքին, հաւաքին ներկայ պետական պաշտօնատարներուն շարքին էին՝ Պըրպենքի քաղաքապետ Շերըն Սփրինկըր, եւ փոխքաղաքապետ Պապ Ֆրութոս, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճես Թալամանթես եւ Էմըլի Կեպըլ Լատի, Պըրպենք քաղաքի քարտուղար Զիզեթ Մալինզ, Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ դոկտ. Արմոնտ Աղաճանեան եւ կրթաշրջանէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉէյս եւ քաղաքի ՀՅԴ կոմիտէին, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։
Մօտակայ քաղաքներէն պետական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւս ներկայ էին տօնակատարութեան, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետ Հերի Լիոն, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նայիրի Նահապետեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի, Կլենտէյլի եւ Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերու վարչութեանց անդամներ։