ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՒՂԵՐՁԸ
Այսօր հայոց բանակին 28րդ տարեդարձն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով ջերմօրէն կ՛ողջունենք հայոց արի բանակը:
Բանակի օրը հայութեա՛ն օրն է, իւրաքանչիւր հայո՛ւն օրն է: Բանակը մեր ժողովուրդին պատիւն է, պաշտպանն է, արժանապատւութիւնն է, կամքն ու յոյսն է:
Այս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը պէտք է իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնէ հայոց բանակին: Հայ եկեղեցին, ինչպէս անցեալին, այսօր եւ միշտ հայրենիքին ու պետութեան եւ զանոնք պաշտպանող հայոց բանակին հետն է:
Կ՛աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ ամուր ու ապահով պահէ մեր սիրելի բանակը՝ հեռու ամէն տեսակ չարերէ եւ չարիքներէ:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ