Շաբաթ, 25 Յունուարին, Պոլսոյ մէջ, մէջ 90 տարեկանին մահացաւ մարզիկ, արհեստավարժ ռինկի վրայ Թուրքիոյ առաջին ազգային կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, որ մարզական աշխարհին մէջ ծանօթ է «երկաթէ բռունցք» անունով։
Կարպիս Զաքարեան 24 տարեկանին դարձած էր Թուրքիոյ առաջին արհեստավարժ կռփամարտիկը եւ տիրացած էր Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ սիրողական կռփամարտիկի ախոյենութեան տիտղոսին։ Մարզական 22 տարիներու գործունէութենէն ետք, Զաքարեան 1966ին վերջակէտ դրած էր արհեստավարժ կռփամարտին։ Ան օրին յայտարարութիւն մը կատարելով՝ փափաք յայտնած էր, որ մեռնելէ ետք զինք հողին յանձնէին թրքական դրօշով։
Կարպիս Զաքարեան ծնած էր 1930ին։ Պէյօղլուի Թաքսիմին մէջ սկսած էր սիրողաբար կռփամարտով զբաղիլ եւ 16 տարեկանին ռինկ ելած էր։ Աւելի ուշ, ան մաս կազմած էր Կալաթասարայ ակումբին եւ 1948, 1949 եւ 1950 թուականներուն դարձած էր Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ ախոյեան։ 1950ին, իբրեւ արհեստավարժ կռփամարտիկ առաջին մրցումը ունեցած էր ալժերիացի Ալի Ամրանի հետ ու հաւասար մնացած էր։
Որպէս մարզիչ ան աշխատած էր եւ հասցուցած բազմաթիւ մարզիկներ։