ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեքշաբթի, 28 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, Համրայի «Մասրահ Մատինա»ի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Չմօտենա՛ք Ինծի, Տիկի՛ն» թատերական ներկայացումը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Թատերախաղին հեղինակն է Հայկ Յակոբեան: Առաջին անգամ ըլլալով արաբերէնով հրամցուած այս թատերախաղին ներկայացումը ստեղծեց խանդավառութիւն: Թատերական ներկայացման երկու դերասանները՝ Սենտի Ղազարեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան պատահաբար կը հանդիպին եւ կ՛արծարծեն ընկերային հարցեր, յատկապէս անձնասպանութեան նիւթը:
Նշենք, որ սոյն ներկայացումը կը կատարուի «Մասրահ Մատինա»ի կազմակերպութեամբ՝ «Մասրահ ֆի զաման իսթիսնա»ի« (Թատրոն՝ աննախընթաց ժամանակներու ընթացքին) ծրագիրին շրջագիծին մէջ: Նկատի ունենալով երկրին քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, «Մասրահ Մատինա»ն այս նախաձեռնութեամբ իր դռները կը բանայ գեղարուեստի բոլոր ճիւղերուն առջեւ (Դեկտեմբեր 2019-Յունուար 2020) եւ խորհրդանշական գումարով (10.000 լ.ո., իսկ աշակերտութեան՝ 5.000 լ.ո.) ջանք կը թափէ կենդանի պահելու արուեստի ու ստեղծագործութեան ոգին լիբանանցի ժողովուրդին մէջ: