ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարեանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, Շաբաթ, 8 Փետրուարին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ համալսարանական երեք շրջանաւարտ ուսանողներու ուսումնասիրութեան նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Անոր ընթացքին, «Երկաթէ շերեփէն անդին» նիւթը պիտի ներկայացնէ Նորա Պայրամեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն եւ Քոլոմպիա համալսարանէն վկայուած), հայ կանանց շարժումներուն մասին պիտի խօսքի Անի Տէր Գրիգորեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան համալսարանէն վկայուած), իսկ երկու հայ հեղինակներու (Յովսէփ Վարդանեան եւ Յովսէփ Մարուշ) թրքերէն վէպերուն մասին պիտի խօսի Արիֆ Թափան (Պողազիճի եւ Շեհիլ համալսարաններէն վկայուած)։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անայիս Պուլղուրճեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA, 91423:
Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: