ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է ընդարձակել իր կողմէ տնօրինուող՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը, գարնանային եռամսեակի մը յաւելումով։
Համալսարանական նոր շրջանաւարտներ կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ քաղաքկան, լրատուական եւ այլ մարզերու մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներ, մինչեւ 20 Փետրուար ժամանակ ունին իրենց դիմումնագիրները ներկայացնելու, մասնակցելու համար 30 Մարտէն 12 Յունիս երկարող գարնանային ծրագիրին։
Ծրագիրին շնորիւ, մայրաքաղաքին մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներուն երեք ամսուան ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը տրամադրուի եւ անոնք կը մասնակցին այդ նպատակով կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերու եւ հանդիպումներու:
Ծրագիրին նախկին մասնակցողներ, ինչպէս նաեւ այլ արհեստավարժներ կը հետեւին ծրագիրին խորհրդատուութեանց, որպէսզի անոնք կարենան հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել: Ծրագիրը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ նաեւ համալսարանական ուսանողներու, որոնք հետաքրքրուած են մայրաքաղաքին մէջ վարժողական ծրագիրներով:
Դիմումնագիրները եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրելի են anca.org/gateway կայքէջին վրայ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ծրագիրներու վարիչ Սիփան Յովհաննէսեան, որ սոյն ծրագիրին շրջանաւարտներէն է, դրուատեց ծրագիրին շնորհիւ ցարդ կատարուած աշխատանքը եւ ողջունեց անոր ընդարձակումը՝ յիշեցնելով, որ անկէ ցարդ օգտուած են առաւել քան 200 հայ ուսանողներ։
Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիմնուած է 2003ին, շնորհիւ Քաֆէսճեան ընտանիքի հիմնարկին կատարած նուիրատուութեան. անոր սպասարկութիւններէն ցարդ օգտուած են հարիւրաւոր ամերիկահայ երիտասարդներ:
Ծրագիրին մասնակցողները կ՛ապրին «Արամեան տան» մէջ, որ կարելի դարձաւ շնորհիւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքին նուիրատուութեան: Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքին մէջ հաստատուած Արամեան քոյրերը՝ Սու, Մարկօ եւ Մարթա, երկար տարիներ հանդիսացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն, նոյն ժամանակ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու:
Ծրագիրը կը կրէ անունը հանգուցեալ երիտասարդ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ մահացած էր ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը հետեւանքով: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով՝ վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է ծրագիրին: Ծրագիրին օժանդակութիւն տրամադրուած է նաեւ Հայ Դատի երկարամեայ աջակցողներ՝ տէր եւ տիկին Ֆրենք եւ Պարպարա Հէքիմեաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնին կողմէ:
«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել (202) 775-1918 թիւին կամ gateway@anca.org հասցէին: