ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը 30 Յունուարի յետմիջօրէին հաղորդեց, թէ ծերակուտականը Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմին անձամբ յանձնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն նամակը, որ նահանգապետը կը հրաւիրէ Հայաստան այցելելու։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Փաշինեանի ներկայութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգին միջեւ Շրջանակային համագործակցութեան համաձայնագիրին ստորագրութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Նիւսըմի կողմէ:
Համաձայնագիրով Հայաստան եւ Քալիֆորնիա պիտի զարգացնեն համապարփակ համագործակցութիւնը՝ բոլոր ուղղութիւններով:
Համաձայնագիրին ստորագրութենէն ետք տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետին պաշտօնական հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Փորթանթինօ:
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ծերակուտական Փորթանթինօ յատկանշական դերակատորութիւն ունի Հայաստանի եւ Քալիֆոնիոյ միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման ջանքերուն մէջ, որոշած էր ծերակուտականին տալ նամակը նահանգապետին յանձնելու պարտականութիւնը։
Նշենք, որ Փորթանթինօ ատենապետն է նահանգային Ծերակոյտին հովանիին տակ գործող՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին եւ ջատագովն է Երեւանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի միջազգային գրասնեակ մը բանալու ջանքերուն ։
Փորթանթինօ իրեն համար մեծ պատիւ մը կը համարէ Փաշինեանին հրաւէրը նահանգապետին յանձնելու պարտականութիւնը՝ ողջունելով Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով երկու ղեկավարներուն տարած աշխատանքները։
«Հայաստան եւ Քալիֆորնիա ունին շատ նմանութիւններ, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի սերտացնենք այս կապը: Նահանգապետը երկարամեայ եւ դրական կապեր ունի ամերիկահայ համայնքին հետ: Զգացուած եմ, որ հիւպատոսը ինծի տուաւ հրաւէրը փոխանցելու այս պարտականութիւնը», նշեց Փորթանթինօ:
Դիւանագիտական կարգ ու ձեւի համաձայնութիւններու- դաշինքի եւլն.ի տգիտութիւն: Կամ, միջնորդի չ’վստահող անձ: կամ անձնակպէս ամչկոտ, և բարեկամութեան անվարժ է վարչապէտ Նիկոլ Փաշինեանը: