ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, 3 Փետրուարին, թրքական ուժերը ռմբակոծեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Սուրիոյ բանակային դիրքերը, սպաննելով առնուազն 13 սուրիացի զինուորներ։
Նոյն օրը, սուրիա ներխուժած թրքական ուժերուն վրայ սուրիական բանակին յարձակումը առնուազն 8 թուրք զինուրներու կեանքը խլեց։
Երկողմանի ռմբակուծումներուն հետեւանքով, նաեւ առնուազն 9 քաղաքայիններ սպաննուեցան։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պնդեց, թէ Ռուսիոյ հետ Իտլիպի վերաբերեալ գոյացած համաձայնութեան խախտում տեղի ունեցաւ՝ ազդարարելով, որ «մենք Իտլիպի ռմբակոծումին նկատմամբ դիտողի կարգավիճակին մէջ պիտի չմնանք»։
Քրեմլին Էրտողանի յայտարարութեան պատասխանելով՝ նշեց, թէ Ռուսիա ամբողջովին կը յարգէ Իտլիպի մէջ իր յանձնառութիւնները, սակայն մեծապէս մտահոգ է շրջանին մէջ Թուրքիոյ դաշնակից զինեալներուն գործած յարձակումներով: