ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մարտին տեղի ունենալիք տեղական ընտրութեանց սեմին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է զարկ տալ քաղաքացիները քուէարկութեան մղելու ջանքերուն, «Վոթց» արշաւին ընդմէջէն։
Աշխատանքի այս կարելիութեամբ հետաքրքրուողները կրնան իրենց մասին տեղեկութիւնները ղրկել՝
admin@ancaglendale.org հասցէին։ Դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ ամէնէն ուշը 15 Փետրուար։
Կլենտէյլի Հայ Դատի այս արշաւին կարելի է մասնակցիլ նաեւ իբրեւ կամաւոր։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.ancaglendale.org կայքը։