ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Արտի Քասախեանի ընտրապայքարի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ կենսոլորտի պաշտպան երկու կազմակերպութիւններ՝ «Սիյէրա Քլապ»ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը եւ Կլենտէյլի կենսոլորտային դաշինքը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Քասախեանի ընտրապայքարին։
«Սիյէրա Քլապ»ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Քաղաքական յանձնախումբի ատենապետ Քերըլ Հենինկ կը յայտնէ, թէ որոշումը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ Քասախեան շարունակաբար ցոյց տուած է, թէ նուիրուած է կենսոլորտի պաշտպանութեան եւ կենսոլորտային արդարութեան։
3 Մարտին տեղի ունենալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Քասախեան հասակ նետած է Կլենտէյլի մէջ եւ յաճախած է քաղաքի հանրային վարժարանները։ Ան առաջին անգամ 2005ին ընտրուած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար, իրականացնելով շարք մը յատկանշական բարեկարգումներ։ Ան համալսարանական իր ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ։
Քասախեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.ArdyKassakhian.com կայքը։