ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ հասարակական եւ պատմական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկութեան կողմէ հրատարակուած է պատմաբան դոկտ. Արսէն Աւագեանի՝ «Մութ Մնացած Գործիչ Մը՝ Երիտթուրք Համայնավար Սալիհ Զեքին (Քուշարքով)» թրքերէն հատորը:
Գիրքին մէջ Արսէն Աւագեան կ՛անդրադառնայ ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ համայնավարական շարժման պատմութեան, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ Զեքիի դերակատարութեան:
Յիշեցնենք, որ վերջինս Մեծ Եղեռնի տարիներուն եղած է Տէր Զօր մարզի կառավարիչը, իսկ աւելի ուշ՝ դարձած է Թուրքիոյ համայնավար շարժումի հիմնադիր ղեկավարը:
Այս հատորին շնորհիւ, առաջին անգամ ըլլալով գիտական շրջանառութեան մէջ կը դրուին Օսմանեան կայսրութեան վարչապետարանի արխիւին ու Ռուսիոյ պետական քաղաքական եւ հասարակական պատմութեան արխիւին այն փաստաթուղթերը, որոնց մէջ ներկայացուած են Զեքիի մասին էական մանրամասնութիւններ:
Հեղինակը այս արժէքաւոր ուսումնասիրութեան միջոցով կարեւոր ներդրում մը կը կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման գործընթացին մասին ուսումնասիրութիւններուն մէջ: