ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Հայկական ծագումով յայտնի դերասան՝ Էնտի Սերգիս (Սարգիսեան), որ մեծ համբաւի տիրացած է «Հապիթ», «Մատանիներու Գահակալը», «Կապիկներու Մոլորակը» եւ «Քինկ Քոնկ» ժապաւէններուն մէջ իր ստանձնած դերերով, յատուկ մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի արուեստներու ակադեմիոյ ¤ՊԱՖԹԱ) կողմէ, Բրիտանիոյ շարժապատկերի աշխարհին իր բերած յատկանշական ներդրումներուն համար։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Փետրուարին։
Էնտի Սերգիս ծնած է Անգլիոյ մէջ, իր մայրը անգլիացի է, իսկ հայրը՝ հայ։