ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սիւնիքի մարզի N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ, 7 Փետրուարին, կէսօրէն ետք ժամը 4:50ի շուրջ, ձիւնի սողանքի մը տակ մնացին չորս պայմանագրային զինուորներ:
Ձեռնարկուած որոնողական-փրկարարական աշխատանքներուն շնորհիւ յայտնաբերուեցան ձիւնին տակ մնացած պայմանագրային զինուորական ծառայողներe՝ Կարապետ Նազարեան (1991ի ծնունդ, զինուած ուժերուն մէջ էր 2018էն ի վեր, Քաշաթաղ), Տիգրան Արզումանեան (1994ի ծնունդ, զինուած ուժերուն մէջ էր 2018էն ի վեր, Սիւնիք) եւ Նուէր Շահպազեան (1995ի ծնունդ, զինուած ուժերուն մէջ էր 2018էն ի վեր, Սիւնիք) դիերը:
Պայմանագրային զինուոր Համլետ Միրզոյեան (1998ի ծնունդ, զինուած ուժերուն մէջ է 2018էն ի վեր, Սիւնիք) կարելի եղած է դուրս բերել ձիւնին տակէն: Ան ստացած էր մարմնական թեթեւ վնասներ. անոր առողջական վիճակը բաւարար է:
Դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն։