ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի։
Յարգարժան հիւրին կ՛ընկերանային ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսբէնճեան եւ Հրայր Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ եղան առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Քնար Գորթոշեան։
Առաջնորդ սրբազանը բարի գալստեան խօսքով ողջունեց հայրենի հիւրը ազգի տան մէջ, ուր իւրաքանչիւր հայ իբրեւ հարազատ կ՛ընդունուի եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հայրենանուէր առաքելութեան ու ծառայական կեանքի պատասխանատուութեան մէջ։
Յանուն Ազգային վարչութեան, սրտի խօսք արտասանեց Կարօ Էշկիեան՝ մաղթելով, որ նման այցելութիւններ կրկնուին. ապա ան բարի գործնուէութիւն մաղթեց հիւրին, ինչպէս անցեալին, ապագայի համար եւս վերահաստատելով Արեւմտեան թեմին զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի վերականգնումի աշխատանքներուն առաւել եւս բարգաւաճման։
Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած առիթին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ պատմական ու ազգաշէն ծառայութեան, յատկապէս կեդրոնանալով Կիլիկիոյ Ս. աթոռին դարաւոր դերակատարութեան վրայ, Սփիւռքի մեր գաղութներու հայապահպանման եւ ծաղկումին իր մեծ առաքելութեան մէջ։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ լուսաբանութիւններ փոխանցելու Ազգային առաջնորդարանի յարկին եւ հովանիին տակ տարուող եկեղեցաշէն ու սերնդակերտ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի տնտեսական, կրթական, ազգային արժէքներու պահպանման, ազգային քաղաքականութեան եւ կենցաղային մակարդակի բարելաւման, արտագաղթի կանխարգիլման ծիրերուն մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Վեր առնուեցան ընդհանրապէս պատասխանատուութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ ծառայելու, Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ու փոխադարձ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր իրաւունքներու տիրանալու պայքարը աննահանջ կերպով շարունակելու եւ հայրենաշինութեան նուիրուելու հրամայականները։
Հանդիպումին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց յարգելի հիւրին եւ յաջողութիւններ մաղթեց անոր։