ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեր ընկերային եւ հաւաքական կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք աշակերտներու յաջողութեան վերաբերեալ տարբեր-տարբեր տեսակէտներու. զանազան վերագրումներ եւ պատճառաբանութիւններ կը յայտնուին շատերու կողմէ այս կապակցութեամբ։ Այս օրերուն նմանօրինակ խօսակցութիւններ առաւել եւս կը յայտնուին մեր դպրոցական եւ ուսումնական շրջանակներու մէջ։
Աշակերտի մը յաջողութիւնը հիմնականօրէն կախեալ է անոր մտային կարողութենէն եւ ֆիզիքական ու հոգեկան վիճակէն, ինչպէս նաեւ՝ վարժարանի ուսումնակրթական մակարդակէն։ Հոս պիտի խօսինք միայն աշակերտին մտային կարողութեան եւ անոր ֆիզիքական ու հոգեկան վիճակին մասին։
Յաջողելու համար աշակերտի մտային, ֆիզիքական եւ հոգեկան վիճակը պէտք է ըլլայ բնական եւ ընդունելի սահմաններու մէջ։ Անոր մարմնական եւ ֆիզիքական կազմուածքը արգելք պէտք չէ հանդիսանայ բնական ձեւով դպրոց յաճախելու. ան պէտք է մասնակցի դասարանային եւ դպրոցական ամէն տեսակի աշխատանքներու, խաղերու եւ ընկերային կեանքին։ Երբ աշակերտ մը ֆիզիքական թերաճութեամբ իր ամբողջական մասնակցութիւնը չի կրնար բերել դպրոցական կեանքին, կամաց-կամաց կը մեկուսացուի եւ կ՛ունենայ որոշ հոգեբանական անբնական վիճակ. այս մէկը իր վատ անդրադարձը կ՛ունենայ աշակերտին ուսումնական յառաջդիմութեան վրայ։ Աշակերտը ունենալու է բնական սահմաններու մէջ ընդունելի ուշիմութիւն եւ մտային կարողութիւն՝ համապատասխան իր տարիքին, որպէսզի ան կարողանայ հետեւիլ իր դասարանի ուսումնակրթական ծրագիրին եւ քալել իր դասընկերներուն հետ հեզասահօրէն։
Մտային կարողութիւնը եւ զարգացումը կը բնորոշուին ուշիմութեամբ։ Աշակերտը իր ուշիմութեամբ կը լուծէ հարցեր, կ՛ընտելանայ նոր վիճակներու եւ կացութիւններու, կը կազմէ ստեղծագործական եւ վերացական մտապատկերներ։ Մտային կարողութեան զարգացումը կախեալ է ուղեղի առողջ եւ բնական իրավիճակէն ու աճումէն, ինչպէս նաեւ՝ անհատին ունեցած անցեալի եւ ներկայի փորձառութիւններէն։
Ուշիմութիւնը կը չափուի «ուշիմութեան քանորդ»ով (IQ)։ Բնական «ուշիմութեան քանորդ»ը (ՈՒՔ) պէտք է ըլլայ 100։ 70-100 ՈԻՔ ունեցող անհատներ նկատուած են բնական եւ ընդունելի մտային կարողութիւն ունեցողներ։ 100է վեր ՈՒՔ ունեցողները նկատուած են գերուշիմներ։ Մտքով թերաճները եւ կամ տկարամիտները ունին երեք դասակարգում՝ տարբեր ՈՒՔներով.
- Միտքով թեթեւ թերաճներ, որոնց ՈՒՔը կ՛ըլլայ 50-60.
- Միտքով միջակ թերաճներ, որոնց ՈԻՔը կ՛ըլլայ 20-49.
- Միտքով սուր թերաճներ, որոնց ՈՒՔը կ՛ըլլայ 0-19.
Տկարամիտներու մեծամասնութիւնը՝ 90 տոկոսով կ՛ըլլան թեթեւ տկարամիտներ, իսկ մնացեալ 10 առ հարիւրը կ՛ըլլան միջին եւ սուր տկարամիտներ։
Թեթեւ տկարամիտները կրնան սովորական դպրոց յաճախել եւ հասնիլ մինչեւ 6րդ դասարան, սակայն անոնք կ՛ըլլան շուարած, անհանդարտ, ոչ ինքնավստահ եւ չեն կրնար երկար ժամանակ տրամադրել սորվելու։
Միջին տկարամիտները սովորական դպրոցներու մէջ շատ դժուարութեամբ կը հասնին երկրորդ դասարան. անոնց սորվելու կարողութիւնը սահմանափակ է եւ անոնք կը սորվին ձանձրանալով եւ խաղի մթնոլորտի մէջ։
Սուր տկարամիտները չեն կրնար յաճախել սովորական դպրոց. անոնք կը խօսին միայն հաղորդակցութեան համար։ Այս տկարամիտները կ՛ըլլան անհոգ, խանգարող, սակաւակեր եւ քիչ քնացող։
Սուր եւ միջին տկարամիտները պէտք է ուղղուին յատուկ դպրոցներ. թեթեւ տկարամիտները կրնան ընդունուիլ սովորական դպրոց, պայմանաւ որ որոշ ուսուցչական հսկողութիւն եւ ուշադրութիւն ցուցաբերուի անոնց։
Մտային թերաճութիւն տեղի կ՛ունենայ, երբ միտքի զարգացումը բնական ձեւով չ՛ընթանար, այլ կ՛ըլլայ պակասաւոր։ Միտքի եւ ուշիմութեան զարգացումը ուղղակիօրէն կ՛ազդուի ուղեղի կենսաբանական եւ ֆիզիքական վնասներէն եւ հարուածներէն, ինչպէս նաեւ՝ միջավայրի եւ շրջապատի ընկերային եւ մշակութային անցուդարձերէն։
Մտային թերաճութիւնը կը յայտնուի տարբեր ձեւերով եւ երեւոյթներով.
- Ընդոծին երեւոյթ. այս պարագային ուղեղի վնասումը կը պատահի ծնունդէն առաջ, սաղմի աճումի ընթացքին եւ կամ ծննդաբերութեան ընթացքին։ Սաղմի կազմաւորման ընթացքին ծինային որոշ խանգարումներ կը յառաջացնեն ժառանգական եւ ընդոծին մտային թերաճութիւն։ Յղութեան առաջին երեք ամիսներու ընթացքին գործածուածկարգ մը դեղեր եւ մայրական կարգ մը հիւանդութիւններ կրնան յառաջացնել սաղմի մտային թերաճութիւն։ Ծն-նդաբերութեան ընթացքին որոշ ֆիզիքական հարուածներ (traumatic delivery) կը վնասեն նորածինին ուղեղը եւ կրնան յառաջացնել ուղեղային թերաճութիւն ու դանդաղանք։
- Յետծննդեան երեւոյթ. այս պարագային երեխան կը ծնի բնական ուղեղային կարողութեամբ, որ բնական պայմաններու մէջ կը զարգանայ երեխային աճման հետ։ Ծնունդէ ետք ուղեղային բորբոքումներ, կարգ մը վնասակար դեղեր, շարունակական գերջերմութիւն եւ գանկային ֆիզիքական հարուածներ (trauma) կը վնասեն ուղեղին ու կը յառաջացնեն տարբեր մակարդակի մտային դանդաղանք։ Տան մէջ հոգեկան եւ զգացական վերիվայրումներ, ծնողական անհամերաշխութիւն եւ անբնականծնողք-զաւակ փոխյարաբերութիւն կ՛ազդեն երեխայի հոգեկան վիճակին վրայ եւ կը յառաջացնեն հոգեբանական խանգարումներ ու մտային դանդաղանք։ Տան միջավայրէն անկախ, աշակերտին շրջապատը եւ ընկերութեան կեանքի մակարդակը, կենցաղը, առողջապահական պայմանները, տնտեսական իրավիճակը եւ մշակութային եւ ուսումնակրթական մակարդակը մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենան աշակերտի մտային զարգացման մէջ։
Հոգեբանական եւ զգացական խանգարումներ ունեցող աշակերտը մտային դանդաղանքի կողքին կ՛ունենայ ընկճուածութիւն, վախ, անբնական վարք ու բարք. ան կ՛ըլլայ անհաղորդ, ջղագրգիռ, ինքնամփոփ եւ մեկուսացած։ Այս մտային դանդաղանքը կարելի է կասեցնել յատուկ հոգեբուժական խնամքով։ Այսպիսի դանդաղանք ունեցող աշակերտներ կրնան շարունակել իրենց կրթական-ուսումնական կեանքը սովորական դպրոցներու մէջ, պայմանաւ որ անոնք շարունակ հոգեբուժական դարմանումի եւ խնամքի ենթարկուին, այլապէս անոնք կը խանգարեն իրենց դասընկերները եւ դպրոցական բնականոն կեանքը. այսպիսի աշակերտներ պէտք է տեղաւորուին յատուկ կրթական հաստատութիւններու մէջ։
Մարմնական, ֆիզիքական եւ օրկանական հիւանդութիւններ եւ թերութիւններ կրնան պատճառ դառնալ աշակերտի ձախողութեան։ Այս բոլորը կը յայտնուին որպէս ընդոծին եւ կամ յետծննդական երեւոյթներ։ Ասոնցմէ կ՛ուզենք յիշել կարեւորագոյնները.
- Լսողական տկարութիւն եւ խլութիւն.
- Տեսողական տկարութիւն եւ կուրութիւն.
- Լեզուական տկարութիւն, դժուարախօսութիւն եւ անխօսութիւն.
- Ձեռքի եւ ոտքի անդամալուծութիւն եւ անդամահատուածութիւն.
- Լուսնոտութիւն.
- Շաքարախտ.
- Արեան հիւանդութիւններ.
- Օրկանական եւ մնայուն այլ հիւանդութիւններ։
Խուլ, կոյր եւ անխօս երեխաներ պէտք է յաճախեն յատուկ դպրոցներ, իսկ մնացեալ բոլոր պարագաներուն երեխան պէտք է ուղղուի սովորական ընթացիկ դպրոց, պայմանաւ որ անոր հիւանդութիւնը ճշգրտօրէն ախտաճանաչուի եւ լուրջ ու հետեւողական բժշկական դարմանումի եւ խնամքի ենթարկուի։ Մնայուն հիւանդութենէ տառապող աշակերտը կը ձախողի իր դպրոցական կեանքին մէջ, որովհետեւ ան շարունակ բացակայութիւն կ՛արձանագրէ անբաւարար դարմանումի պատճառով։ Հետեւաբար անոր դարմանումը եւ բժշկական հսկողութիւնը պէտք է ըլլայ լուրջ, ճշգրիտ եւ հետեւողական, որպէսզի ան կարողանայ մնայուն ներկայութիւն արձանագրել դպրոցին մէջ ու հետեւիլ իր դասարանի ուսումնական ծրագիրին դիւրութեամբ։
Մարմնական եւ ֆիզիքական թերաճները եւ օրկանական մնայուն հիւանդութենէ տառապող երեխաներ, որոնք մտային թերաճներ չեն, երբեմն կ՛ունենան զգացական եւ հոգեբանական վերիվայրումներ, որովհետեւ անոնք խորապէս կը մտահոգուին իրենց հիմնական եւ մնայուն հիւանդութեամբ։ Անոնք հետեւաբար կ՛ըլլան զգայուն, մտածկոտ, մեկուսացած, անհաղորդ, ամչկոտ, յամառ եւ երբեմն ջղագրգիռ։
Տկարամիտներու ախտաճանաչումը պէտք է ըլլայ շատ կանուխ եւ բծախնդրութեամբ մասնագիտական կեդրոններու մէջ։ Անոնց հոգածութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ծնողքին, ընկերութեան եւ պետութեան, բոլորին վրայ միաժամանակ։ Անոնց դաստիարակութիւնը կը կարօտի մանկաբոյժի, հոգեբոյժի եւ ընկերային ծառայողի։
Ծնողք ընդհանրապէս չեն ընդունիր իրենց զաւկին մտային թերաճութիւնը. անոնք կը մերժեն ընդունիլ իրականութիւնը մինչեւ որոշ շրջան մը, սակայն ի վերջոյ կ՛անդրադառնան իրողութեան եւ կ՛ընդունին ճշմարտութիւնը եւ կը ցուցաբերեն լուրջ հասկացողութիւն, ծնողական գուրգուրանք ու սէր։
Միտքով թերաճներ կ՛արժանանան առաւելագոյն խնամքի եւ գուրգուրանքի միայն ու միայն յատուկ դպրոցներու մէջ: Ծնողք եւ սովորական դպրոցներու պատասխանատուներ առարկայական մօտեցում ունենալու են այս հարցին նկատմամբ եւ սխալ դիրքորոշում առնելու չեն. սովորական դպրոցի մը ընդհանրական շահը պէտք է գերադասէ անհատական շահին։
Տկարամիտներու կողքին յաճախ կը տեսնենք մեր սովորական դպրոցներու մէջ տաղանդաւոր երեխաներ եւ գերուշիմներ, որոնք ունին աստուածատուր շնորհք, մտային բացառիկ կարողութիւն եւ ձիրք։ Այս երեխաները սովորական դպրոցներու մէջ չեն արժանանար պէտք եղած խնամքի եւ գուրգուրանքի. անոնք կը ցուցաբերեն այդ միջավայրին մէջ յոգնածութիւն եւ ջղագրգռութիւն, շուտ կը ձանձրանան, կ՛ըլլան անհաղորդ, ինքնամփոփ եւ ոչ ընկերային։ Այս գերուշիմները կը սորվին շատ արագ եւ բացառիկ կարողութիւն կ՛ունենան որոշ դասանիւթերու մէջ ու կը ցուցաբերեն սուր մեկնաբանութիւն. անոնց ֆիզիքական, մարմնական, ընկերային եւ զգացական զարգացումը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ միջին մակարդակով, բայց եւ այնպէս անոնք կ՛ունենան հետաքրքրութեան լայն հորիզոն եւ առանձնայատուկ մտածելու եւ ղեկավարելու կարողութիւն։ Այս երեխաները պէտք է արժանանան ծնողքին, դպրոցին եւ շրջապատին լուրջ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքին. անոնք պէտք է տեղաւորուին տաղանդաւոր երեխաներու յատուկ դպրոցներու մէջ, որպէսզի աւելի յառաջանան եւ կարելիութիւնը ունենան բացայայտելու իրենց տաղանդը, այլապէս սովորական դպրոցի մէջ որոշ կարգադրութիւններով անոնք արժանանալու են ուսուցչական կազմի բացառիկ ուշադրութեան. անոնց տրուելու է բնականէն աւելի պարտականութիւն, աւելի յառաջացած դասանիւթեր, արտադպրոցական լայն ընթերցանութիւն, ստեղծագործական աշխատանք եւ ուսումնասիրութիւն։