ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հինգշաբթի, 30 Յունուարին, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ գործավար Սեւակ Պէլեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի Արցախի Բարեկամական խմբակցութեան ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըրի հետ:
Հանդիպման ընթացիկ հարցերու կողքին, կող-մերը քննարկեցին 31 Մարտին, Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութեանց հոլովոյթը եւ անոնց կարեւորութիւնը, բանակցային ներկայ գործընթացը, խմբակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները եւ շարք մը այլ կարեւոր հարցեր:
Ժողովին աւարտին կողմերը հաստատեցին խմբակցութիւնը առաւել ընդլայնելու հրամայականը եւ Արցախի հիմնահարցը Գանատայի նորընտիր խորհրդարանականներուն աւելի մօտէն ծանօթացնելու անհրաժեշտութիւնը: