ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի մօտ ամերիկեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Ռայիսա Տիւքաս Երեքշաբթի, 4 Փետրուարին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան մշակութային հարցերու մասնագէտ Ռիատ Եազպեք, «Նահնու» միութեան գործադիր տնօրէն Մոհամետ Այուպ, նշեալ միութեան մէջ արհեստագործութեան ծրագիրի համակարգող Հայա Խուրի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Էլի Նսէյր, Ճորճ Գրիգորեան եւ Բարգաւաճման գրասենեակի պատասխանատու Կարինէ Պալեան:
Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարձր գնահատեց արհեստագործութեան իրավիճակին մասին դեսպանատան ներկայացուցած ուսումնասիրութիւնը եւ առաջարկ-թելադրանքները՝ նշեալ մարզի զօրակցութեան գծով: Ուսումնասիրութիւնը արգասիքն էր այս գծով «Նահնու» միութեան տարած գնահատելի ճիգերուն: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան պարզեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը՝ զայն առնչելով արհեստագործութեան գծով քաղաքապետութեան մօտեցման եւ անոր կեցուածքի պարզաբանման: Ան նաեւ պարզեց արհեստագործութեան մարզի կարիքները ու այս գծով քաղաքապետութեան կատարած այլազան նախաձեռնութիւնները:
Իր կարգին, Տիւքաս դրուատեց Պուրճ Համուտի իւրայատկութիւնները՝ իբրեւ այլազանութեամբ գոյատեւող շրջան, պարզելով այն նախաձեռնութիւնները, որոնց կը զօրակցի դեսպանատունը, առհասարակ մշակութային մարզին մէջ:
Նմանապէս, Մոհամետ Այուպ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանատան եւ քաղաքապետութեան «Նահնու» միութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար, հաստատելով արհեստագործներու եւ արհեստագործութեան մարզի կարիքները եւ կարեւորութիւնը: Այուպ շեշտեց, որ Պուրճ Համուտը քաղաք մըն է, որ կերտուած է հայ արհեստաւորներու կողմէ, որոնք Լիբանան հասնելով՝ համարկուեցան ու շաղուեցան լիբանանեան ընկերութեան մէջ եւ զարկ տուին անոր տնտեսութեան:
Այս առիթով, քաղաքապետ Պօղոսեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Տիւքասը՝ առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն անոր մշակութային նախաձեռնութեան: