ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, 9 Փետրուարին, կ.ե. ժամ 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504) տեղի պիտի ունենայ «Ներուժ» յանձնախումբին նախաձեռնած տարեկան երկրորդ ձեռնարկը, որուն նպատակն է երիտասարդ մասնագէտներու համար ծանօթացման հարթակ մը ստեղծել, տարբեր մասնագիտութեանց մասին խորհրդատուութիւններ տրամադրելի դարձնելով:
Այս տարուան ձեռնարկին ելոյթներ պիտի ունենան դատաւոր Մայքըլ Ամերեան, Արաքսիա Կարապետեան, Փօլ Թրբանճեան, Արմինէ Չարըխճեան, Արազ Բասեղեան եւ Ճորճ Պանտարեան։
Մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել nerouj.com կայքը կամ դիմել (818) 929-1390 թիւին։