Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարման նախարար Թարիք Համուրիի եւ իրենց գործընկեր «NatHealth» ազգային առողջապահական ապահովագրութեան կառավարման ներկայացուցիչներուն հետ:
Կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ուղղութիւնները՝ բժշկական զբօսաշրջութիւն, առողջապահութեան ապահովագրութիւն եւ այլն:
Թարիք Համուրի ներկայացուց առողջութեան ապահովագրութեան նորարարական գործիքներու կիրարկումը Յորդանանի մէջ՝ դիտել տալով, որ անոնք շահեկան եղած են երկրին համար:
Ապահովագրութեան կառավարման ներկայացուցիչները տեղեկացան, որ «NatHealth»ը կ՛առաջնորդուի համացանցին վրայ հիմնուած «Claim» բժշկական հարթակով, կը գործէ «Սմարթ քարտերով»՝ օգտագործելով կազմակերպութեան կողմէ բժիշկներուն եւ դեղատուներուն բաշխուած «փլանշեթ»ները:
Վերջիններս փափաք յայտնեցին Հայաստանի մէջ տեղական գործընկեր գտնելու՝ փորձառութեան փոխանակման համար:
Արսէն Թորոսեան նշեց, որ առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան փաթեթը Հայաստանի մէջ քննարկումներու փուլի մէջ է եւ նախատեսուած է ներդրել 2022ին:
Կողմերը համաձայնեցան օգտուիլ այս այցելութենէն եւ երկուքին փորձագէտներուն միջեւ քննարկումներ կազմակերպել՝ ապահովելով մասնագիտական կարծիքի եւ առաջարկներու փաթեթի ձեւաւորումը: