ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակիցին՝ Նիքոս Տենտիասի հետ: Անոնք քննարկեցին հայ-յունական օրակարգին վերաբերող երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Ընդգծելով համագործակցութեան Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ հարթակին կարեւորութիւնը երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած գործընկերութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման առումով՝ նախարարները անդրադարձան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Կիպրոս-Հայաստան-Յունաստան ձեւաչափով խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Պաշտօնակիցները միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ հարցերու շուրջ: