ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուս դիւանագէտներու մասնագիտական օրուան առիթով Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան աշխատակիցները, դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինի գլխաւորութեամբ՝ 10 Փետրուարին ծաղկեպսակ զետեղեցին հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, ռուս նշանաւոր բանաստեղծ եւ դիւանագէտ Ալեքսանտր Կրիպոյետովի արձանին առջեւ։
Խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին մասին՝ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, դեսպանը ընգծեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձ մակարդակի վրայ:
«Այդ կարգավիճակը բաւական յստակ է‘ մենք դաշնակիցներ ենք, ռազմավարական գործընկերներ, իսկ հայ եւ ռուս ժողովուրդները՝ եղբայրներ: Այդ բոլորը կ՛արտացոլան նաեւ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք ունին հետեւողական ու անմիջական բնոյթ: Իսկապէս, մեր դիւանագիտական ծառայութիւններու յարաբերութիւնները սերտ եւ անմիջական են», շեշտեց ան։
Դեսպանատան աշխատակիցները եւ դեսպանը այցելեցին նաեւ մայրաքաղաքի կեդրոնական գերեզմանատունը եւ ծաղիկներ զետեղեցին շիրիմներուն անուանի հայ դիւանագէտներու, որոնք մեծ աւանդ ունեցած են դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ:
«Այսպիսի հարուստ պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով կը կարծեմ, որ լաւ իմաստով դատապարտուած ենք սերտ համագործակցութեան՝ մանաւանդ որ շատ են մեր ընդհանուր հարցերը եւ շահերը: Այս բարդ աշխարհին մէջ հայ ու ռուս դիւանագէտները առանցքային հարցերու մէջ նոյն սահմանագիծին վրայ կանգնած են: Այս մէկը շատ կարեւոր է, եւ Ռուսիան զայն կը գնատահէ», եզրափակեց Սերգէյ Քոփիրքին։