ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Դատախազութիւնը դարձեալ չհաստատեց Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ աշխատակազմի նախկին փոխնախագահ Արսէն Բաբայեանի գործով մեղադրական եզրակացութիւնները եւ ետ ուղարկեց զանոնք։ Այս մասին յայտնեց Գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Մեղադրական եզրակացութիւնները, ըստ դատախազութեան յայտարարութեան, ետ ուղարկուած են, որովհետեւ մեղադրեալներուն կատարած արարքներուն ճիշդ որակումներ չեն տրուած: Առ այդմ, որոշում տրուեցաւ առաջադրուած մեղադրանքը փոխելու եւ նոր մեղադրանքներ առաջադրելու մասին:
Ըստ դատախազութեան՝ Արա Բաբլոյեանի եւ Արսէն Բաբայեանի արարքները պէտք է որակել ոչ թէ իշխանութեան իւրացում եւ պաշտօնական կեղծիքի կատարում, այլ պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահում, որ անզգուշութեամբ ծանր հետեւանքներ պատճառած է:
Խօսքը Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի դիմումին հիման վրայ յարուցած քրէական գործին մասին է: Պատգամաւորը յայտարարեց, որ 2018ին Հրայր Թովմասեան իւրացուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը՝ յանցաւոր դասաւորումներ կատարելով։ Հրայր Թովմասեան այս գործով որեւէ կարգավիճակ չունի: