ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահին կողմէ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի օր նշանակելէ ետք իր գործառոյթներու իրականացման պէտք է անցնի Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը: 10 Փետրուարին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան:
«Նախագահը ստորագրել է հրամանագիր եւ նշանակել է հանրաքուէի օրը: Դրանից ելնելով՝ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը պէտք է կազմի ժամանակացոյց, եւ ըստ ժամանակացոյցի, պէտք է ընթանան անհրաժեշտ գործընթացները. պէտք է կազմուեն «Այո»ի եւ «Ոչ»ի շտաբները, պէտք է համապատախանաբար բաշխուի քարոզչական եթերաժամանակը, տեղի ունենայ քարոզարշաւ եւ այլն», բացատրեց Վարդանեան:
Պատգամաւորը նշեց, որ, եթէ Ազգային ժողովի 1/5րդը դիմէ Սահմանադրական դատարան՝ վիճարկելու Ազգային ժողովին որոշումը եւ նախագահին հրամանագիրը, Սահմանադրական դատարանը պիտի որոշէ՝ այս գործընթացը կասեցնե՞լ, թէ ոչ։