ՔԱՄԻՆՍԱ, Սուրիա, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիա-Թուրքիա լարուածութիւնը Երեքշաբթի, 11 Փետրուարին աւելիով սրեցաւ, երբ Իտլիպ քաղաքին մօտերը սուրիական ռազմական ուղղաթիւռ մը զգետնուեցաւ թրքական ուժերուն կողմէ։ Սպաննուեցան ուղղաթիռին երկու օդաչուները։
Մինչ Անգարա չէ հաստատած, թէ իր զինուորներն են, որոնք զգետնեցին ուղղաթիռը, թուրք պաշտօնատարներ կը սպառնան խստօրէն հակադարձել սուրիական յարձակումներուն, որոնք մէկ օր առաջ հինգ թուրք զինուորներու կեանքը խլած էին։
Երկուշաբթի օր, սուրիացի զինուորներ Հալէպ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ կրցան բարձրացնել Սուրիոյ դրօշակը, իր հսկողութեան տակ առնելէ ետք անոր վրայ գտնուող գլխաւոր քաղաքները եւ գիւղերը:
Սուրիոյ զինեալ ուժերը աւելի կանուխ կրցած էին իրարու միացնել Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջանը եւ Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանը։
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զինեալ ուժերը շարունակեցին Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ իրենց յառաջխաղացքը՝ վնասազերծելու համար ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք քաղաքայիններու դէմ իրենց յարձակումները աւելցուցած են:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու նշեց, որ Իրան եւ Ռուսիա պէտք է յաւելեալ ճնշումներ բանեցնեն Սուրիոյ վարչակարգին վրայ, կասեցնելու համար անոր զինուորական գործողութիւնները։