ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահականը հաղորդագրութիւն մը տարածեց Երեքշաբթի, 11 Փետրուարին՝ նախագահին մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալընի եւ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ ներկայացուցիչին հանդիպման մասին:
Հաղորդագրութենէն կ՛իմանանք, որ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները քննարկելու համար, մէկ օր առաջ Անգարա ժամանած ռուսական պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի օր հեռացաւ Անգարայէն, առանց համաձայնելու թրքական կողմին հետ։ Հոն պարզապէս կը նշուի, որ կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Հանդիպումին մասնակցեցան քաղաքական, ռազմական եւ հետախուզական ոլորտի պատուիրակներ:
Անգարա վերջին քանի մը օրերուն տարբեր առիթներով կոչ ըրաւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն, որ իրենց լծակները օգտագործելով՝ կասեցնեն Իտլիպի վրայ սուրիական յարձակումը, մինչ Մոսկուա կը յայտարարէ, որ Անգարա պէտք է կատարէ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչները մեկուսացնելու վերաբերեալ իր ստանձնած պարտաւորութիւնը։