ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 Փետրուարին ընդունեց Արցախի ազատագրական շարժման խումբ մը գործիչներ: Այս լուրը հաղորդեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուեցան պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ու տարածաշրջանային գործընթացներու վերաբերող հարցեր: