ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 13 Փետրուարին ընդունեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը։
Արման Թաթոյեան ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութիւնը, որուն մէջ՝ համագործակցութիւնը միջազգային կառույցներու հետ:
Զրուցակիցները անդրադարձան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներուն, նաեւ միտքեր փոխանակեցին սահմանադրութեան առաջարկուող փոփոխութիւններուն վերաբերեալ: