ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Կառավարութիւնը կը նախատեսէ դրամական աջակցութիւն տրամադրել ընդհանուր՝ 103.7 միլիոն դրամ արժողութեամբ, հինգ կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու։ Որոշման համապատասխան նախագիծը ընդգրկուած էր կառավարութեան նիստին։
Գումարը պիտի տրամադրուի 2018ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեք եւ աւելի տոկոս ձայն հաւաքած առանձին կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու։
Գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ կերպով.
«Իմ Քայլը» դաշինք՝ 78 միլիոն դրամ
«Բարգաւաճ Հայաստան»՝ 9.1 միլիոն դրամ
«Լուսաւոր Հայաստան»՝ 7 միլիոն դրամ
ՀՀԿ՝ 5.2 միլիոն դրամ
ՀՅԴ՝ 4.3 միլիոն դրամ։
Նշենք, որ կառավարութեան որոշման նախագիծը ներկայացուեցաւ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ։