– Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 24էն 25 Փետրուարին պիտի այցելէ Ատրպէյճան, ուր տեղի պիտի ունենայ թուրք-ատրպէյճանական ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը:
– Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս յայտարարեց, որ Լիպիոյ տագնապին շուրջ Պերլինի մէջ 19 Յունուարին տեղի ունեցած խորհրդաժողովին մասնակցած արտաքին գործոց նախարարները Մարտի կիսուն ժողով մը եւս պիտի գումարեն: Մինչ այդ, Պերլին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին հետ աշխատանք պիտի տանի յստակացնելու համար, թէ որոնք են ՄԱԿի հաստատած զէնքի մատակարարման արգելքը ոտնակոխող կողմերը:
– 1990էն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու տարածքին երթեւեկի արկածներու զոհ գացած հեծելանաւորդ եւ հետիոտն քաղաքայիններուն մեծագոյն թիւը արձանագրուած է 2018ին։