ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ «Ինթերֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքու պիտի մերժէ կատարել Եւրոպայի խորհուրդի պահանջները:
Ալիեւի համաձայն՝ որոշ միջազգային կազմակերպութիւններ կանխակալութեամբ գնահատած են Ատրպէյճանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքը՝ պնդելով, որ բացասական եզրակացութիւնները պատրաստուած էին նոյնիսկ քուէարկութենէն առաջ:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ այդպիսի վերաբերմունքի վերջին դրսեւորումը եղաւ Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներու մասին բանաձեւը: «Մենք կը մերժենք մեզի դէմ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքները եւ պիտի չկատարենք այսպէս կոչուած պահանջները, որոնք դրուած են մեր առջեւ», ընդգծեց Ալիեւ:
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ Յունուարին հաստատուած բանաձեւը Պաքուէն պահանջած էր լրջութեամբ ամբողջականօրէն լուծել քաղաքական բանտարկեալներու հարցը: Սակայն, Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի համար այդ փաստաթուղթը միայն թուղթի կտոր մըն է:
«Թուրան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը համաձայն գտնուած է ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակին մտահոգութիւններուն՝ ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
«Այս ընտրութիւնները տեղի ունեցած են մամուլի եւ հաւաքներու ազատութեան սահմանափակումներով», կ՛ըսուի դեսպանատան յայտարարութեան մէջ: