ԼՈՆՏՈՆ, «Կարտիըն».- 13 Փետրուարին հաղորդուեցաւ, որ մէկ օր առաջ, Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մօտակայ գիւղի մը մօտ զինեալ միջադէպ մը կարելի եղած է նուազագոյն վնասով փակել, շնորհիւ շրջանը հասած ռուսական ուժերուն։
Արդարեւ, գիւղին մօտեցած ամերիկեան շարասիւն մը կրակ բացած է անցարգելի մը վրայ գտնուող եւ Սուրիոյ համակիր զինեալ ուժերուն վրայ՝ սպաննելով սուրիացի մը, սակայն շարասիւնը չէ կրցած ճամբան շարունակել, երբ անոր ինքնաշարժներէն մէկը ցեխի մէջ մնաց։
Ամերիկացի զինուորներուն եւ անոնց հետ վիճաբանող տեղացի զինեալներուն եւ գիւղացիներուն միջեւ երկրորդ ընդհարում մը կարելի եղած է զսպել, ռուսական ուժերուն միջամտութեան շնորհիւ։
Շրջանէն անակնկալօրէն հեռանալու եւ քիւրտերու վրայ յարձակելու՝ Թուրքիոյ ծրագիրին կանաչ լոյս վարելու Ուաշիկթընի անցեալ Հոկտեմբերի որոշումը հակաամերիկեան զգացումներ յառաջացուցած է հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ։