Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ բացուեցաւ «Իրանահայեր» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր կը ցուցադրուին լուսանկարներ, քանդակներ եւ արուեստի նմուշներ:
«Փէյվանտ» (Payvand) լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, թէ «Մեհրսուն» պատկերասրահին մէջ բացուած ցուցահանդէսին կը ներկայացուին Իրանի հայկական համայնքի արուեստագէտներու՝ էստամփներ (փորագրուած օրինակէ մը ստացուած նկար-Խմբ.), լուսանկարներ եւ քանդակներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ականաւոր երաժիշտներու եւ կատարողական արուեստի ներկայացուցիչներու կեանքը, ստեղծագործութիւնները եւ անոնց դերակատարութիւնը իրանեան արուեստի զարգացման գործին մէջ:
14 Փետրուարին կատարուած ցուցահանդէսին բացման ներկայ էին Իրանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրանի երաժշտական թանգարանի տնօրէն Ալի Մորադխանի եւ Իրանի նկարիչներու միութեան նախագահ Մաճիտ Ռաճապի-Մեմար:
Արարողութեան ընթացքին դեսպան Թումանեան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ Իրանի երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութեան խորութիւնը:
Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ ցուցահանդէսը ցոյց կու տայ Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը եւ աւելցուց, թէ ցուցահանդէսը երկու ժողովուրդներուն երկխօսութիւնն է արուեստի միջոցով:
Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին Էդմոն Այվազեանի, Զաւէն Այվազեանի, Սիմոն Այվազեանի, Ռազմիկ Օհանեանի, Ադիկ Պօղոսեանի, Ալպերթ Պիգջանիի, Լիլիթ Տէրեանի, Լորիս Ճգնաւորեանի, Գառնիկ Տէր Յակոբեանի, Սմբատ Տէր Կիւրեղեանի, Էդնա Զինալեանի, Վահրամ Սահակեանի, Սիրակ Մելքոնեանի, Ադենա Միրզախանեանի, Լեւոն Հաֆթուանի, Երուանդ Նահապետեանի, Սեդրակ Նազարեանի եւ այլոց աշխատանքները:
Նշենք, թէ «Իրանահայեր» ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, Իրանի հայկական համայնքին, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ «Մանուկեան» թանգարանին համագործակցութեամբ: