ՀՄԸՄ-Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, երեկոյեան ժամերգութեամբ, Անդաստանի եւ մանուկներու Ս. խորան ընծայման արարողութիւններով եւ խարոյկի բոցավառումով։
Տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։
Հոգեւորականաց դասու անդամներ մասնակցեցան արարողութեան։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենադպրուհի Էլիզապէթ Պօյաճեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, խմբապետներ եւ սկաուտներ ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Նոյն օրը նաեւ, տարիներու աւանդութեամբ, արի-արենուշներ կը մասնակցին Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան եւ կը լիցքաւորուին Տիրոջ խօսքով։
Արարողութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը շարականագիրին հետեւեալ բառերուն հետեւողութեամբ. «Ո՜վ Տէր, մենք ալ Սիմէոն Ծերունիին հետ բարձրաղաղակ կը գոչենք. Դուն որ Լոյս Հօրմէն իբրեւ Լոյս ծագեցար մեզի համար եւ մեր բոլորին կեանք շնորհեցիր։ Փառք Քու գալուստիդ, Տէ՜ր»։ Քրիստոսի տաճար ընծայման դրուագին ընդմէջէն, առաջնորդը ընդգծեց, որ Քրիստոսի ծնողները Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ օրէնքին հնազանդելով՝ քառասնօրեայ մանուկը տաճար ընծայեցին, իսկ Յիսուս միշտ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքին։ Ան հարց տուաւ, թէ այսօր մենք որքանո՞վ կը հնազանդինք Աստուծոյ, կը հետեւինք մեր եկեղեցւոյ, աւանդութեանց ու օրէնքներուն, ապա կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ պահպանելու եւ կառչած մնալու մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց։
Սրբազանը նշեց, որ Լոյս-Քրիստոս աշխարհ գալով՝ լուսաւորեց զայն, բայց մենք որքանո՞վ կ՛ըմբոշխենք այդ լոյսը եւ կը լուսաւորենք մեր հոգիները։ Ան խնդրեց Աստուծմէ, որ մեր հոգիները բանայ, լուսազարդէ մեր ամբողջ էութիւնը, որպէսզի մենք եւս մեր շրջապատին մէջ լոյս եւ պայծառութիւն դառնանք։ Խօսելով Սիմէոն Ծերունիին մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ արդար, աստուածավախ եւ օրէնքին հաւատարիմ մարդ մըն էր ան։ Աստուած զինք վարձատրած էր՝ իր խոստումը իրագործելով, որովհետեւ Ս. Հոգին իրեն հետ էր եւ վստահեցուցած էր զինք, թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր։ Հետեւաբար, ան որ իր կեանքը հաւատքով, Աստուծոյ պատուիրանները պահպանելով, օրէնքի հետեւողութեամբ ու հնազանդութեամբ կ՛ապրի, այդ անձին բոլոր խնդրանքները կ՛իրագործուին։
Այնուհետեւ, առաջնորդը գնահատեց սկաուտները եւ յորդորեց մեր ծնողները՝ հնազանդելու Աստուծոյ պատուիրաններուն, օրէնքներուն ու հաւատարմութեամբ դաստիարակելու իրենց զաւակները։
Հուսկ, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը խորանէն բերաւ եւ յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր կարգին զայն բաշխեց հաւատացեալներուն։ Ապա, մանուկներու տաճար ընծայումը կատարուեցաւ, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ բոցավառեցաւ խարոյկը Ս. խորանէն բերուած մոմով։
Ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերով տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէսը, որ իր աւարտին հասաւ «Յառաջ Նահատակ», «Կիլիկիա» եւ Հայաստանի քայլերգին խմբերգումով։
ԸՆԹՐԻՔ
Այնուհետեւ, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն հետ աւանդական ընթրիքը։
Յանուն առաջնորդին եւ Ս. Աստուծածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ ողջոյնի խօսք արտասանեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, իսկ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Րաֆֆի Վարժապետեան։ Ապա, խմբապետներ Շարլին Կիւզէլեան եւ Շահան Աթմաճեան իրենց սրտի խօսքերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր, որ առաւել քան երկու տասնամեակներէ ի վեր հաստատած է սկաուտական այս հանդիպումը եւ աւանդական ընթրիքը, որուն անձամբ ներկայ կը գտնուի։
Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց սկաուտները եւ զանոնք յորդորեց պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ ծառայելու ազգին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին: Ապա, ան յուշանուէրներ փոխանցեց ՀՄԸՄականներուն:
Աւարտին, հաւաքաբար երգուեցաւ ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը։