ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ բուսակերներու յատուկ հայկական ճաշագիրքին ներկայացումը։
The Vegan Armenian Kitchen Cookbook-ը պիտի ներկայացնեն անոր համահեղինակները՝ Լենա Թաշճեան եւ Սիրուն Բարսէղեան, որոնք ի մի բերած են Հայաստանի ու Սփիւռքի տարածքէն 115 ճաշերու խոհագիրները։ Մուտքը ազատ է:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին կամ (818) 243-4112 թիւին: